2014-ի Մոնտիալ. Արզումանեան Կրնայ Բացակայիլ Չեխիոյ Եւ Դանիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումներէն
Իր լուրը քաղելով Sport.kz կայքէջէն` armSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ղազախական Աքտոպէի միջնապահ Ռոպերթ Արզումանեան կրնայ չմասնակցիլ 6 եւ 10 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք Չեխիոյ եւ Դանիոյ դէմ ճակատումներուն:
Արզումանեան վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթ` Տինամօ Քիեւի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի դարձի մրցումին:
Նշենք, որ ան չմասնակցեցաւ նախորդ շաբաթավերջին Իրթիշիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

