Կռփամարտ. Դարչինեան – Տոնէյր Ճակատումը` Թեքսասի Մէջ
Երեք դասակարգերու մէջ աշխարհի նախկին ախոյեան, ֆիլիփինցի արհեստավարժ կռփամարտիկ Նոնիթօ Տոնէյր համաձայն գտնուեցաւ փոխվրէժի ճակատում կատարելու Վախթանգ Դարչինեանի դէմ:
Այս ճակատումը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգին մէջ, կը յայտնէ Armsport.am` մէջբերելով boxingscene.com-ի հրապարակած լուրը:
Երկու կռփամարտիկներուն համար ալ այս ճակատումը պիտի ըլլայ առաջինը` կիսաթեթեւ դասակարգին մէջ:
30 տարեկան Տոնէյրի համար ասիկա առաջին մրցամարտը պիտի ըլլայ քուպացի Կիլերմօ Ռիկոնտոյէն կրած պարտութենէն ետք. այդ մրցումին ան կորսնցուցած էր իր ախոյեանական գօտին:
Նշենք, որ 2007-ին հայ կռփամարտիկ Վախթանգ Դարչինեան, որ այդ ժամանակ անպարտելի էր, անակնկալ նաքաութի ենթարկուեցաւ Տոնէյրի կողմէ:
Վերջին շրջանին Դարչինեան պարբերաբար յայտարարած էր, որ կ՛ուզէ փոխվրէժի մրցում մը կատարել ֆիլիփինցիին դէմ: