Ֆրանսախօս Երկիրներու Խաղեր. Նիս` 6-15 Սեպտեմբեր. Զէյնա Մինա Մեկնեցաւ Ֆրանսա
Ինչպէս ծանօթ է, 6-15 սեպտեմբերին Նիսի մէջ (Ֆրանսա) տեղի պիտի ունենան Ֆրանսախօս երկիրներու 7-րդ խաղերը` մասնակցութեամբ աւելի քան երեք հազար երկսեռ մարզիկներու, որոնք պիտի ժամանեն աւելի քան 60 երկիրներէ:
Ասկէ մեկնելով, Անթունիէ – Պաապտայի համալսարանի մարզական յանձնախումբի նախագահ Զէյնա Մինա մեկնեցաւ Նիս` մօտէն հետեւելու համար տարուող աշխատանքներուն:
2009-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու 6-րդ խաղերուն ըլլալով այս խաղերուն տնօրէնը` Մինա կրցաւ մեծ յաջողութիւն ձեռք ձգել եւ տպաւորել բոլոր երկիրներուն պատասխանատուները:
Ան այսպիսով յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրելով նշանակուիլ իբրեւ կազմակերպիչ երկրին խաղերուն դասաւորումները կատարող կարեւոր փորձագէտը:
CATEGORIES Մարզական