Քաքա Վերադարձաւ Ա. Սէ. Միլան
Պրազիլցի միջնապահ-յառաջապահ Քաքա երէկ` երկուշաբթի, 2 սեպտեմբերին, վերադարձաւ իր նախկին ակումբը` Ա. Սէ. Միլան, չորս ոչ այդքան լաւ տարիներ մնալէ ետք Ռէալ Մատրիտի մէջ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Բացառիկ յատկութիւններով օժտուած 30 տարեկան Քաքա, որ Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին չմասնակցեցաւ, պիտի բացակայի նաեւ 2014-ի Մոնտիալէն, բացի եթէ մետասաներորդ պահուն նկատի առնուի կազմին մէջ:
2009-ին փոխան 65 միլիոն եւրոյի (85,71 միլիոն ամերիկեան տոլար) Ռէալ Մատրիտի միացած Քաքա ընդամէնը կատարեց 82 «Լա լիկա»-ի մրցում:
Քաքա, որուն ամբողջական անունն է Ռիքարտօ Իզեքսոն տոս Սանթոս Լէյթէ, «Սան Սիրօ» վերադարձով` երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ա. Սէ. Միլանի հետ:
CATEGORIES Մարզական