Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կը Մասնակցի Համաշխարհային Մտաւոր Խաղերուն

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 12-19 դեկտեմբերին Փեքինի մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի համաշխարհային մտաւոր խաղերուն` մասնակցելով արագ, կայծակնային եւ կոյր մրցումներուն:

Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան կրանտմասթըրներ Քարժաքին, Կրիսչուք, Մամետեարով, Տոմինկեզ, Փոնոմարիով, Ռաճապով, Լէ Քուանկ Լիեմ, Ուանկ Հաօ, Ուանկ Եուէ, Նեփոմնիաշչի, Վաշիէ-Լակրաւ, Քամսքի, Լեքօ, Իվանչուք եւ Կիրի:

 

Share this Article
CATEGORIES