Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Զոյգի Ախոյեանութիւն. Աւօ Մումջողլեան – Ռաշիտ Պըպպօ Զոյգը` Լիբանանի Ախոյեան
Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Աւօ Մումջողլեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) – Ռաշիտ Պըպպօ (Ռիատի Պէյրութ) զոյգը հանդիսացաւ Լիբանանի տղոց զոյգի ախոյեան` աւարտական մրցումին 3-0 արդիւնքով (11-5, 11-3 եւ 11-2) յաղթելէ ետք Ահմետ Հիւսէյն Հարպ (Լիբանանեան բանակ) – Ահմետ Մուսթաֆա Հարպ (Պարաղեմ Նապաթիէ) զոյգին:
Երրորդ դիրքը գրաւեցին Մոհամետ Համիէ – Խալիլ Հալլալ (Ժընուպ Թուլ) եւ Մոհամետ Հապաշ – Ուսամա Հոմսի (Ռիատի Պէյրութ) զոյգերը:
CATEGORIES Մարզական

