ՎԻՉԵՆԹԷ ՏԵԼ ՊՈՍՔԷ ՍՊԱՆԻՈՅ ՀԵՏ ՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ
Սպանական մամուլը կը յայտնէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի այժմու մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէ, իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ նախանցեալ օր նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ Վենեզուելայի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Այսպիսով, Տել Պոսքէ Սպանիոյ հետ կատարած իր 44-րդ մրցումին, արձանագրեց իր 39-րդ յաղթանակը:
Ան այսպիսով գերազանցեց Լուիս Արակոնեսը, որ 54 մրցումի ընթացքին արձանագրած էր 38 յաղթանակ:
CATEGORIES Մարզական