Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Անքնութիւնը կրնայ խանգարել ձեր հանդարտ կեանքը: Դիմեցէք մասնագէտ խորհրդատուի մը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Քիչ մը մարզանք կատարեցէք պահելու համար ձեր բարեձեւութիւնը: Ամառնային սննդականոնը կրնայ օգտակար ըլլալ ձեզի:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նիւթական նեղութիւն կրնաք ունենալ այս օրերուն: Յանցաւոր մի՛ զգաք, որովհետեւ պատասխանատուն դուք չէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այցելեցէք ձեր ընտանիքին, սակայն միջոցը պահեցէք, եթէ կը զգաք, թէ լարուած վիճակ մը ստեղծուած է: Խոհեմ եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամառը ձեւով մը վնասեց ձեր տնտեսութեան, ուրեմն պէտք է դիմակալէք այս դժուարութեան: Ճոխութենէ հեռու մնացէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կը կասկածի՞ք ձեր հմայքին: Մէկը ձեզմէ պիտի հեռացնէ ինքնավստահութեան այս պակասը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կռնակի ցաւը կրնայ խանգարել ձեր քունը եւ ֆիզիքական ընդհանուր հաւասարակշռութիւնը: Մարձումի պէտք ունիք, խնամեցէք դուք ձեզ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր բարեկամները լաւ անակնկալ մը պիտի կատարեն ձեզի: Այս վերաբերումը պիտի յուզէ ձեզ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ նոր գործ մը կը փնտռէք, նախ նկատի առէք ձեր հարցերը: Այսպիսով կրնաք դիւրացնել ձեր տեսակցութիւնները:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նորութիւններ պիտի ստեղծէք, որոնք պիտի դիւրացնեն ձեր առօրեայ գործերը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ապագան շողշողուն չէ, բայց ձեզի կը մնայ զայն բարելաւել ձեր գործունէութեամբ եւ օգտակար աշխատանքով:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շահագործումի անհամաձայնութեան մը ընթացքին, աւելի խոհեմ եղէք, քան` յարձակողական: Կը շահիք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )