50 Տարի Առաջ (4 Սեպտեմբեր 1963)

Դամասկահայ Ուխտաւորներ Պիքֆայայի Մէջ

(Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Կիրակի, 18 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ տօնին օրը, Սուրիահայ օգնութեան խաչի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութիւնը իր 60-է աւելի անդամուհիներով ուխտագնացութիւն մը կատարեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնայ վանքը: Յետ պատարագի, վեհափառ հայրը, ներկայութեամբ Լիբանանի առաջնորդ Գ. Տաճատ արքեպիսկոպոսին, իր դահլիճին մէջ ընդունեց ուխտաւորները, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյրի յուզիչ արարողութիւն մը:

Վարչութեան ատենապետուհին` Մարի Պապիկեան, ՍՕ Խաչի Դամասկոսի մասնաճիւղին կողմէ շնորհաւորեց վեհափառ հօր օծումը եւ սրտաբուխ մաղթանքներ ըրաւ Ա. Աթոռին բարգաւաճման համար: Վեհափառ հայրապետը իր անկեղծ շնորհակալութիւնները յայտնեց վարչութեան եւ անդամներուն` իրենց այս գեղեցիկ ձեռնարկին համար: Ան կրկնապէս շնորհաւորեց ուխտաւորները, որոնք նոյն ատեն ուխտի եկած էին երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. վեհափառին շիրիմին` իրենց որդիական անկեղծ յարգանքը մատուցելու համար:

Հայրապետը շեշտեց, որ թէեւ ամէնուր, սակայն ի մասնաւորի վանքէն ու միաբանութենէն ներս ամէն վայրկեան ներկայ է յիշատակը երանաշնորհ Ս. հայրապետին, ու անոր հոգին կը սլանայ անոնց վերեւ ու կը դառնայ ուղեցոյցը անոնց ծրագիրներուն ու գործերուն: Անդրադառնալով Աստուածածնայ տօնին` վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ ան տօնն է մանաւանդ մայրերու՛ն, թելադրեց ըլլալ արժանի յաջորդները Աստուածամօր եւ ընտանիքներէ ներս ամուր պահել սէրը  քրիստոնէական հաւատքին եւ Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին: Ան վերջացուց իր խօսքը` իր հայրական օրհնութիւնները տալով վարչութեան եւ մասնաճիւղի բոլոր անդամներուն, որպէսզի անոնք կարենան ըստ արժանւոյն շարունակել իրենց ազգօգուտ գործունէութիւնը:

Ժամը 2:00-ին ուխտաւորներուն խումբը հրաժեշտ առնելով վեհափառ հօրմէն`  ուղղուեցաւ դէպի ԱՆթիլիաս, ամբողջացնելու համար իր առաքելութիւնը: Կէս ժամ վերջ արդէն խումբը շրջապատած էր երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին շիրիմը, խոր յուզումով: Արցունքի եւ աղօթքի մէջ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը զետեղուեցաւ՛ անոր թարմ հողակոյտին վրայ: «Հայր մեր»-էն եւ «Տէր ողորմեա»-էն ետք, ուխտաւորները երկիւղածութեամբ խոնարհեցան շիրիմին առջեւ եւ հրաժեշտ առին վեհափառ հայրապետէն…

Երեկոյեան ուխտաւորներու խումբը մեկնեցաւ՛ դէպի Դամասկոս` գոհունակութեան խորունկ զգացումներով:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Տեղական Լուրեր

Պէյրութի Գետին Բարեզարդման
Ծրագիրը

Պէյրութի գետին բարեզարդման ծրագիրը երէկ առտու քննուեցաւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին, որուն ներկայ էին մեծ աշխատանքներու գործադիր խորհուրդի նախագահ Ֆայեզ Ահտապ եւ խորհուրդի անդամներէն Հանրի Նաքքաշ:

Աչքէ անցընելէ ետք պատկան սպասարկութիւններու կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրները, ժողովականները քննեցին նիւթական միջոցները: Այս աշխատանքները պիտի կատարուին երեք տարիէն:

Թաքլա Նիւ Եորք Պիտի Ըլլայ
Սեպտեմբեր 20-ին

Արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Թաքլա սեպտեմբեր 20-ին պիտի երթայ Նիւ Եորք` նախագահելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի լիբանանեան պատուիրակութեան:

Թաքլա մտադիր է արաբական պատուիրակութեանց պետերը համախմբել Նիւ Եորք, որպէսզի կարողանան միասնաբար քննել ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը, մասնաւորաբար անոնք, որոնք կը հետաքրքրեն արաբական երկիրները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )