Երազ… Բաղձանք… Իրագործում…

ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Երրորդ տարին ըլլալով հետեւողական կերպով «Ազդակ» իր ներկայացուցիչով կը մասնակցի Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած երիտասարդ լրագրողներու յատուկ դասընթացքին: Այս տարի «Ազդակ»-ը ներկայացուց «Հայրենի կեանք» էջի աշխատակից Մարինա Համամճեանը, որուն տեղեկագրումը` ստորեւ:

Երիտասարդ լրագրողներու տարեկան համախմբումը առիթ է, որ դասական եւ նոր սփիւռքներու գաղութներուն մէջ գործող մամուլի աշխատակիցները, բացի փոխճանաչողութենէն, համատեղ քննարկեն նաեւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի եւ յատկապէս հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու վերաբերող հեռանկարները:

«Ա.»

Փոքր տարիքէս կ՛երեւակայէի, կ՛երազէի, նոյնիսկ երբեմն կ՛ապրէի պահը, թէ երբ հայրենիքիս հողին վրայ ոտքս դնեմ, եւ երբ առաջին անգամ ըլլալով թոքերս ու էութիւնս լեցուին հայրենիքի օդով, վստահաբար պիտի չդիմանամ, պիտի պոռթկամ, պիտի գոռամ, պիտի աղաղակեմ, պիտի լամ, պիտի հեկեկամ եւ  տակաւին շատ բաներ:

Այդպէս չեղաւ…

Երկուշաբթի, 22 յուլիս 2013-ի երեկոյեան, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 9:45 էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով զգացի, թէ հակառակ անոր որ սիրտս չի տրոփեր, բայց տրոփումին ձայնը ականջներուս թմբուկները կը ծակէին, հակառակ անոր որ արիւնս չքացած էր, բայց եւ այնպէս կը զգայի, որ արիւնս կը ներխուժէր դէպի գլուխս, ապա` դէպի մարմնիս բոլոր անդամները, սակայն խառն եւ անկանոն կերպով: Ահռելի կերպով կը քրտնէի, կը մսէի, կը տաքնայի… Մէկ խօսքով, զանազան զգացումներ ու վիճակներ միախառնուած էին: Ինքզինքս կը զգայի ե՛ւ բախտաւոր, ե՛ւ անբախտ: Շատերու համար երանելի էի այդ պահուն, հետաքրքրականը այն էր, որ նոյնիսկ ես ինքս այդպէս կը զգայի, բայց չէի կրնար վիճակիս տրամաբանական բացատրութիւն մը գտնել: Այս բոլորին մեկնաբանութիւնը պարզ էր, հայրենիքիս օդն էր, հայրենիքիս հողն էր, հայրենիքիս ուժն էր… Ո՜հ, հայրենիքս էր պատճառը:

Հայաստան կը գտնուէի…

Ամբողջ ճամբուն տեւողութեան, մինչեւ մեր իջեւանման վայրը հասնիլը լուռ էի, այնքան լուռ, որ ընկերուհիս անդադար գուրգուրանքով ու հոգածութեամբ կը հետաքրքրուէր որպիսութեամբս: Ինծի համար շատ յստակ էր կացութիւնը, պարզապէս ամենահարուստ եւ ամենաամբողջական բառարաններուն մէջ անգամ յարմար բառեր չկային արտայայտուելու ապրումներուս մասին, նոյնիսկ սիրտս, որ քանի մը վայրկեան առաջ համարեա չէր տրոփեր, սկսած էր տարբեր ձեւով տրոփել: Զարմանալի, տարիներ շարունակ փորձած էի բեմադրել պահը ու մտովին ապրիլ զայն, սակայն իրականութիւնը տարբեր էր, իւրայատուկ եւ անկրկնելի:

Վերջապէս, տարիներ հայրենիքի կարօտով ապրելէ եւ բաղձալէ ետք իրականացաւ երազս` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ եւ «Ազդակ» օրաթերթի առաջարկով գործուղուելով Հայաստան` մաս կազմելու «Ամառնային դպրոց 2013» ծրագիրի ծիրին մէջ կայացող լրագրողներու դասընթացքին, որ սկսաւ 22 յուլիս 2013-ին եւ աւարտեցաւ` 2 օգոստոս 2013-ին:

Երեքշաբթի, 23 յուլիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին առանձինս կանգնած էի Հանրապետութեան հրապարակին մէջ: Հոգիս կ՛ալեկոծէր, սակայն միտքս խաղաղ էր: Երջանիկ էի, բայց զարմանալի էր` հոգիս ինչո՛ւ մակընթացութիւններ եւ տեղատուութիւններ կ՛ապրէր, չէ՞ որ կանգնած էի պապերուս հողին վրայ: Այնուամենայնիւ պահը կ՛ապրէի:

Ժամը 9:10 կ՛անցնէր, երբ հասանք Ծաղկաձորի Երիտասարդական կեդրոնը, ուր պիտի գործադրուէր ծրագիրը: Ինքնաշարժին մէջ արդէն իսկ ծանօթացած էի սիրելի անձնաւորութիւններու, որոնցմէ էր նաեւ ինծի համար անդրանիկ, սակայն լրագրողներու մեր խումբին համար ծրագրի երկրորդ օրուան առաջին դասախօսը արցախցի  Ալեքսանդր Մանասեանը: Ան մասնագիտական եւ հետաքրքրական ոճով ներկայացուց «Ղարաբաղեան հակամարտութիւն» եւ «Քաղաքական ու իրաւական գործօնները ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ» նիւթերը:

Հոս կ՛ուզեմ նշել, որ երբ հասանք կեդրոն, աչքերս հանդիպեցան ժպտուն, ազնիւ եւ համեստ աչքերու, որոնց տէրը հետագային յաջողեցաւ մեծ համբերութեամբ, խոհեմութեամբ, ջերմութեամբ, երբեմն նոյնիսկ խստապահանջութեամբ կառավարել իր տեսակին մէջ բաւական դժուարին ու բարդ պատասխանատուութեամբ լի պաշտօնը: Քանի մը վայրկեան ետք արդէն ծանօթացած էինք` Ատոմ Մխիթարեանն էր, սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան նախագահը: Հոս կ՛ուզեմ շնորհակալութեամբ յիշել դէպք մը, թէ ինչպէ՛ս կեցութեան նուազագոյն անյարմար վիճակ ստեղծուելուն` Ատոմ Մխիթարեան ամենայն յարգանքով, արագութեամբ եւ մեծ հոգածութեամբ փարատեց ամէն տհաճութիւն: Ան եւ  Երեւանի պետական համալսարանի միջազգային կրթական կեդրոնի հանրակրթական առարկաներու ամպիոնի վարիչ, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի բովանդակային մասի պատասխանատու Կամօ Աթայեանը գիշեր-ցերեկ կը հսկէին ո՛չ միայն լրագրողներուն, այլեւ բոլոր ծրագիրներուն` սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստում,

Երիտասարդ առաջնորդներու դպրոց հայոց լեզուի (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացքներ, ազգային երգի-պարի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներու  մասնակիցներուն հանգստութեան եւ ապահովութեան:

Ալեքսանդր Մանասեանի դասախօսութիւններէն ետք արդէն իսկ հասած էր ճաշի ժամը, որ ամէնէն մտերմիկ պահերէն մէկն էր: Բոլոր ծրագիրներուն մասնակիցները կը ծանօթանային իրարու եւ հաց ու աղի ճամբով, անխտիր մէկը միւսին հոգալով ու գուրգուրալով կը ստեղծուէր ընտանեկան ջերմ մթնոլորտ:

Օրը շարունակեցինք հետաքրքրական դասախօսութեամբ, զոր ներկայացուց յարգարժան անձնաւորութիւն մը` Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանը, որ անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան բարեփոխման հարցերուն, ուսուցման նոր ձեւերու կիրարկման, խօսեցաւ հայ երիտասարդներուն մասին, որոնք կը յատկանշուին ուսումնատենչութեամբ, խելքով: Արամ Սիմոնեան նշեց, որ պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան բաժինին մէջ բացուած է հայրենագիտութեան բաժինը, որուն նպատակը արեւմտահայերէնի, հայաշատ վայրերուն մէջ աշխատող մասնագէտներու պատրաստութիւնն է:

Գիշերները, ընթրիքէ ետք, կ՛ունենայինք ընկերային հանդիպումներ եւ պահեր, որոնց ընթացքին կը սորվէինք զանազան երգեր` ազգային եւ հայրենասիրական: Անկէ ետք լրագրողներով կը զբօսնէինք եւ կը վայելէինք Ծաղկաձորի ջինջ բնութիւնը,  գիշերները  ցուրտ, բայց կախարդիչ օդը: Այս պահերը կարեւորութեամբ արժէք կը ներկայացնէին ինծի համար եւ համարեա բոլորիս համար, որովհետեւ հոս էր, որ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրին նպատակը կ՛իրագործուէր եւ կը հասնէր գագաթնակէտին: Աշխարհի զանազան երկիրներէ քով-քովի եկած 12 լրագրողներս, հակառակ այն իրականութեան, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը անուղղակի կերպով ազդուած է իր բնակութեան երկրին մշակոյթէն եւ պայմաններէն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրս ունէինք դաստիարակութեան եւ գաղափարական տարբեր համոզումներ, դիտանկիւններ եւ մօտեցումներ, բայց եւ այնպէս բոլորս կը համախմբուէինք մէկ եւ կարեւորագոյն նպատակի շուրջ` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի: Ծրագիրին առաջին գիշերը կայացած մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին նախ ծանօթացանք իրարու, արդէն երկրորդ օրն իսկ ընտանիքի անդամներու նման էինք: Գիշերները անհամբեր էինք այս հանդիպումներուն, որովհետեւ բոլորս ամենայն անկեղծութեամբ կը քննարկէինք օրուան իրադարձութիւնները, երբեմն նոյնիսկ տարբեր  կարծիքներ ունենալով` կը վիճէինք ու կը լուսաբանուէինք զանազան նիւթերու շուրջ, բայց` միշտ յարգանքը պահելով: Այս մթնոլորտը կը ստեղծուէր որոշ դասախօսութիւններու աւարտին եւս, բայց այս անգամ` դասախօսներուն հետ: Կը պատահէր, որ դասախօսները ժխտական կարծիքներ, նախատրամադրուածութիւններ կամ մօտեցումներ ունենային մեր համայնքներուն մասին, բայց շուտով կը լուսաբանէինք զանոնք եւ այսպիսով իւրաքանչիւրս կը տեղեկանայինք մէկս միւսին դժուարութիւններուն եւ կամ նոյնիսկ առաւելութիւններուն մասին:

Չորեքշաբթի, 24 յուլիսի կէսօրէ ետք, տարբեր իրարանցում եւ յատուկ պատրաստութիւն կար շէնքին մէջ` թէ՛ մասնակիցներուն կողմէ, թէ՛ նախարարութեան պատասխանատուներուն եւ նոյնիսկ մեր կեցութեան կեդրոնի աշխատակիցներուն կողմէ: Առիթ պիտի ունենայինք հանդիպելու Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ:

Բոլորս անհամբեր էինք նախարարին արտասանելիք պատգամը ունկնդրելու: Ան իր խօսքին մէջ բնականաբար եւ հիմնականօրէն անդրադարձաւ հայկական սփիւռքին, մասնակիցները ծանօթացուց  սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն: Հրանուշ Յակոբեան նաեւ շեշտը դրաւ սուրիահայերուն հիմնահարցերուն վրայ, խօսեցաւ այն բոլոր ծրագիրներուն մասին, որոնք կոչուած են օժանդակելու, օգնելու եւ աջակցելու սուրիահայերուն: Աւարտին, Հ. Յակոբեան լսեց «Սփիւռք ամառնային դպրոց 2013» ծրագրի մասնակիցներուն առաջարկները եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն: Հետաքրքրական էր նախարարին յատուկ հանդիպումը «Առաջնորդներու» խումբին հետ կլոր սեղանի շուրջ: Նախարարը շեշտեց երիտասարդ առաջնորդներուն, որ խօսին հայերէն, ապրին հայօրէն եւ հայ մայրեր կամ հայրեր ընտրելով` գոյատեւեն մեր հայրերուն ուղիով:

Նոյն օրը առաւօտեան «Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ» նիւթին մասին խօսեցաւ Ռուբէն Սաֆրաստեան, իսկ «Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային իրաւական հիմքերն ու գործիքները» նիւթը ներկայացուց Վլադիմիր Յովհաննիսեան: Ճաշէն ետք լրագրողներս հաւաքուեցանք կլոր սեղանի շուրջ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցինք լրագրող Աբրահամ Գասպարեանին ներկայացումը, որուն հիմնական առանցքը լրագրողներու վարպետութիւնն էր: Ան ցուցադրեց «Երկաթէ լոպիինկ» ժապաւէնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի գործունէութեան  առանցքն ու նպատակը կը ներկայացնէր, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէր Հայ դատի պայքարի անցած ուղին: Այս դասախօսութեան ընթացքին շատ ուշագրաւ էր ներկաներուն աչքերուն սեւեռումը, փայլքը, կեդրոնացումը, անոնք այնքան յափշտակութեամբ կը հետեւէին, իւրաքանչիւր բառի հետ կ՛ապրէին կարծես:

Հինգշաբթի, 25 յուլիս 2013-ին Ալեքսանդր Սաֆարեան դասախօսեց` «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու արտացոլումը թրքական եւ ազրպէյճանական մամուլին մէջ ընդհանրապէս, պատկերասփիւռին եւ ելեկտրոնայինին մէջ մասնաւորապէս»: Այնուհետեւ վայելեցինք Մհեր Յովհաննիսեանի «Հայագիտութեան արդի մարտահրաւէրները համացանցի մէջ» օգտաշատ նիւթը, որուն յաջորդեց Դաւիթ Ալավերդեանի «Հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական տեղեկատուական պատերազմներ»-ը: Ճաշէն ետք «Լրագրողի վարպետութիւն» նիւթը ներկայացուց Արթուր Գրիգորեանը: Օրը շարունակեցինք հոգեւոր մթնոլորտով. Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի քրիստոնէական դաստիարակութեան տնօրէն Վարդան վրդ. Նաւասարդեան դասախօսեց «Հայ եկեղեցին» խորագրով նիւթին մասին:

Ուրբաթ, 26 յուլիս 2013-ին Ալբերտ Ստեփանեան ներկայացուց «Հայոց պատմամշակութային ժառանգութիւնը. մարտահրաւէրներ եւ հիմնախնդիրներ» խորագրով դասախօսութիւնը: Այնուհետեւ ունկնդրեցինք սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան նախագահ Էվելինա Պաղտասարեանին դասախօսութիւնը: Ան ամփոփ կերպով ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութիւնը եւ հետապնդած նպատակները: Ըստ լրագրող ընկերներուս վկայութեան, ամէնէն հետաքրքրական հանդիպումներէն մէկը համարուեցաւ Լիբանանի հետ ուղիղ միացում կապը, երբ սքայփով կապուեցանք նախ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեանի հետ, որ ներկայացուց «Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ի՛նչ կը սպասուի հայ մամուլէն» նիւթը: Ան իր դասախօսութեան ընթացքին շեշտեց, որ  հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան համար նախ պէտք է պահանջներու շուրջ ներազգային ընդհանուր համաձայնութիւն, որուն համար երիտասարդ լրագրողները մեծ դեր ունին հանրային կարծիք ձեւաւորելու աշխատանքին մէջ: Ետքը ուղիղ միացումով նոյնպէս կապուեցանք Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի տնօրէնին` Համբիկ Մարտիրոսեանին հետ, որ իր փորձառութենէն մեկնելով` դասախօսեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին այն սրբազան պարտականութեան մասին, որ կը սպասուի հայ մամուլէն: Ան բաւական գործնական եւ հետաքրքրական թելադրանքներ կատարեց լրագրողներուս:

Շաբաթ, 27 յուլիս 2013-ին անհանգիստ էի: Յուզումը պատած էր հոգիս: 30 տարիներ առաջ Վաչէն, Սիմոնը, Արան, Սարգիսը եւ Սեդրակը անմահացան Լիզպոնի մէջ կատարած իրենց գործունէութեամբ եւ թնդացուցին աշխարհը: Անոնք Հայ դատի պահանջատիրական պատմութեան մէջ անկիւնադարձային էջ բանալով` խունկ ու ծուխի վերածուեցան:

Ի՜նչ զուգադիպութիւն…

Նոյն օրը սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ այցելեցինք Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր… Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի ազատագրական պայքարի եւ Լիզպոնի մեր բոլոր նահատակներուն արեան կանչը միանալով ու աղաղակելով` յատուկ պատգամ ունէին փոխանցելիք մեզի` մասնակիցներուս մասնաւորապէս եւ համայն հայութեան ընդհանրապէս: Կարծէք` անոնց արեան կանչը միանալով` կը զգաստացնէր եւ կը պարտադրէր մեզի` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք միանալու, որպէսզի մեր Դատը ունենայ ցանկալի  եւ ամբողջական լուծում:

Շարունակեցինք ճամբանիս դէպի Օշական, ապա` Էջմիածին: Պատմական օր, պատմական այցելութիւններ, անբացատրելի զգացումներ… Բայց` զարմանալի ուժ, ամուր հաւատք, աննկուն կամք եւ մեր նախնիներու ուղիով շարունակելու լիակատար պատրաստակամութիւն: Այդ գիշեր հասկցայ, թէ մեր բանաստեղծները եւ արուեստագէտները իրենց ստեղծագործութիւններուն մէջ ինչո՞ւ այդքան գովերգած են Երեւանի գիշերները:

Հմայիչ էր Երեւանը ե՛ւ գիշերով, ե՛ւ ցերեկով:

Կիրակին ալ Երեւանի մէջ վայելելէ, հարազատներու ու սիրելիներու հետ տեսակցելէ ետք, երկուշաբթի, 29 յուլիսին վերադարձանք Ծաղկաձոր: Այդ օրը ամբողջութեամբ տրամադրուած էր «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամին ծրագիրներուն: «Ռիփեթ Արմէնիա»-ի ղեկավարը` Վարդան Մարաշլեան ներկայացուց «Հայրենադարձութեան կարեւորութեան» մասին նիւթը: Նշեմ, որ ամէն գիշեր կ՛ունենայինք ընկերային պահեր եւ կը ստեղծուէր խանդավառ մթնոլորտ:

Երեքշաբթի, 30 յուլիսին Սուրէն Մանուկեան դասախօսեց «Ցեղասպանութեան թեմային լուսաբանումը» խորագիրով նիւթին մասին: Ապա Անդրանիկ Արշակեան ներկայացուց «Սփիւռքի կարեւորութիւնը եւ ուժը»: Շատ հետաքրքրական էր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարին` Շաւարշ Քոչարեանին նիւթը` «Տարածքներու ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի յարաբերակցութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան մէջ»: Ան մասնագիտական եւ տիրական ոճով ներկայացուց այս շահաւէտ եւ բոլորիս համար շատ հետաքրքրական նիւթը:

Չորեքշաբթի, 31 յուլիսի հանդիպումները հարուստ, բովանդակալից եւ գործնական էին: Առաւօտեան առաջին այժմէական դասախօսութիւնը ներկայացուց Սամուէլ Մարտիրոսեան «Տեղեկատուական անվտանգութիւնը» խորագիրով: Այնուհետեւ շարքը շարունակուեցաւ Արմէն Հարոյեանի  հետաքրքրական ներկայացումով` «Համացանցային լրատուութիւնը» նիւթով: Հարոյեան դասախօսութեան ընթացքին անհրաժեշտ համարեց բջիջային ափլիքէյշըններու ճամբով լրատուութեան տարածումը: Մեր օրը աւելիով հարստացաւ, երբ ունկնդրեցինք «Տեղեկատուական անվտանգութեան մասին» լրագրողներու նախագահի տեղակալ Անահիտ Մենեմեշեանին ներկայացումը: Այնուհետեւ հայրենի անուանի լրատուամիջոցի` «Արմէնփրէս»-ի տնօրէն Արամ Անանեան սրամիտ եւ բացառիկ կերպով ներկայացուց «Լրագրողի վարպետութիւն» օգտաշատ նիւթը:

Բեղուն եւ արգասաբեր օր մը անցընելէ ետք, յոգնած, սպառած` ընկողմանած էի սենեակս, կը մտածէի, որ պէտք էր «Ազդակ» թղթակցութիւն ուղարկէի, մանաւանդ որ հազիւ յաջողած էի համակարգիչ ապահովել, երբ յանկարծ լսեցի դուռին թակումը. ստացայ տարօրինակ, բայց անմերժելի առաջարկ մը: Լրագրողներէ եւ առաջնորդներէ բաղկացած 14 հոգինոց խումբով մը պիտի ուղղուէինք «Չարենցի կամար»` նախ վայելելու բնութիւնը, աստղերուն իյնալը եւ այլն, իսկ կարեւորագոյնը` լուսաբացին յստակօրէն տեսնելու եւ գրկելու Արարատը: Առաջարկը ուրախանալի եւ երազային էր, որովհետեւ ճիշդ էր, որ հայրենի հողին վրայ կը գտնուէի, բայց եւ այնպէս յաճախ կը զգայի, որ պակաս բան մը կար… ցարդ Արարատը չէի տեսած: Ինչպէս` ամէն հայու համար, Արարատը սոսկ լեռ չէ, Արարատը պատմութիւն է, Արարատը մշակոյթ է, Արարատը արուեստ է, Արարատը յոյս է, լոյս է, գոյատեւման եւ պայքարի աղբիւր է, Արարատը… մերն է:

Սկսայ թղթակցութիւնս պատրաստելու: Ցրուած վիճակ ունէի: Ընկերուհիս ինծի համար իրարանցումի մատնուած էր եւ շուարած էր, թէ ինչպէս օգտակար ըլլար: Իսկ ես ամբողջ էութեամբս կը դողայի: Կարծես սիրականիս հետ պիտի հանդիպէի… Մանկութեանս այս պահն ալ մտքիս մէջ յաճախ կը բեմադրէի:

Բայց այս միացումն ալ տարբեր էր:

Իրականութիւնը այս դրախտային վայրը ըմբոշխնելու առիթը կը պարտիմ այդ 14 հոգիէ բաղկացած խումբի իւրաքանչիւր անդամին: Անոնք մեծ համբերութեամբ սպասեցին աշխատանքիս աւարտիլը: Ուղղուեցանք «Չարենցի կամար»: Կէս գիշեր էր, բայց կարծես կէսօրուան 12:00-ը ըլլար: Հանրակառքին մէջ բոլորս ուրախ, աշխուժ, զուարթ, պոռալով, երգելով հասանք «ժամադրավայր»:

Խորհրդաւոր էր վայրը: Կարծես Եղիշէ Չարենցի հոգին այնտեղ մեզի հետ էր: Ֆիզիքապէս ընկերներուս հետ էի, բայց մտքով եւ հոգիով հայոց պատմութեան եւ հայ գրականութեան էջերը կը թերթատէի: Ժամերը տարիներու պէս կ՛անցնէին: Քունս քիչ-քիչ սկսաւ յիշեցնել իր գոյութիւնը, բայց կը պայքարէի անոր դէմ. կ՛ուզէի ե՛ս Արարատը դիմաւորել եւ ոչ հակառակը:

Լուսաբացին քանի մը վայրկեան մնացած էր, արդէն անջատուած էի ընկերներէս եւ պատրաստ վիճակով կանգնած էի կամարին տակ: Դժուար է բառերով նկարագրել այդ հրաշագեղ հանդիպումը: Դիւթիչ եւ յուզիչ միացումէ ետք կարծէք աւելի ծանր դարձաւ բաժանումը: Արդէն ժամը 7:30-ը անց էր, երբ հասանք կեդրոն: Քիչ մը հանգստանալէ ետք, արդէն հինգշաբթի, 1 օգոստոսի առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Լեւոն Մելիք Շահնազարեանը` «Մամուլի դերը հայ- թրքական, հայ-ազրպէյճանական տեղեկատուական պատերազմներուն մէջ»: Այնուհետեւ ունկնդրեցինք սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» կայքէջի տնօրէնի` Հայկ Կարապետեանին դասախօսութիւնը, որ ներկայացուց «Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուական քաղաքականութիւնը» նիւթը:

Նոյն օրը կէսօրին լրագրողներս, երիտասարդ առաջնորդներուն հետ միասին, այցելեցինք Հայաստանի նախագահական նստավայր: Ամառնային դպրոցի մասնակիցները ընդունեց Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց հայրենիք-սփիւռք կապի աշխուժ զարգացումը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան եւ տնտեսական աճի խթանման, հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան զարգացման, սփիւռքի ներուժի յայտնաբերման եւ հայրենիքի մէջ ներգրաւման հիմնական հարցերը: Աւարտին նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը պատասխանեց մասնակիցներուն հարցումներուն:

Մասնակիցներս ճանաչողական շրջագայութիւն կատարեցինք նախագահական նստավայրին մէջ, ծանօթացանք Հայաստանի նախագահին կողմէ պետական եւ պաշտօնական հանդիպումներու եւ ընդունելութիւններու իրականացման արարողակարգին, երկրի պետական կառավարման բարձրագոյն կառոյցին` նախագահական հիմնարկի կառուցուածքին, գործունէութեան եւ նշանակութեան:

Յատկանշական էր մեզի ցուցադրուած ճանաչողական տեսաժապաւէնը: Հոն ծանօթացանք Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին, նախագահի նստավայրին, Հայաստանի սահմանադրութեամբ սահմանուած կարգով հանրապետութեան նախագահին վերապահուած լիազօրութիւններուն եւ գործառոյթներուն, պետական իշխանութեան համակարգին մէջ անոր տեղին ու դերին եւ պետական միւս մարմիններուն հետ  փոխյարաբերութիւններուն:

Հանդիպման աւարտին մասնակիցներս լուսանկարուեցանք եւ նախագահի նստավայրէն հեռացանք հարուստ տպաւորութիւններով եւ յիշատակելի «Եու.Էս.Պի.»-ներով:

Այս այցելութենէն ետք, լրագրողներով Էվելինա Պաղտասարեանի եւ իր օգնականին` Արմինէին ընկերակցութեամբ ուղղուեցանք Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի մասնաշէնք, ուր դիմաւորուեցանք լրագրութեան բաժանմունքի նախագահին` Նաղաշ Մարտիրոսեանին կողմէ: Այս այցելութիւնը բոլորիս համար մեծապէս սպասուած էր, սակայն ժամանակին սեղմ ըլլալը առիթ չտուաւ ըստ արժանւոյն օգտուելու այս առիթէն: Երեկոյեան վերադարձանք Ծաղկաձոր, ուր պիտի գիշերէինք վերջին անգամ ըլլալով, «Սփիւռք ամառնային դպրոց 2013» ծրագիրի ծիրին մէջ:

Ուրբաթ, 2 օգոստոսին սովորականէն կանուխ արթնցած էի: Անհանդարտ ու անտրամադիր էի: Հազիւ միացած, հազիւ խաղաղութիւն գտած հոգիս վերստին անհանգիստ էր, բաժանման ախտէն կը տառապէր: Նախաճաշէն ետք ունկնդրեցինք ծրագրին վերջին երկու դասախօսութիւնները: Առաջինը` ամերիկահայ Արմէն Հարոյեանի «Արհեստագիտութեան հմտութիւնները» նիւթն էր, իսկ երկրորդը` Արա Պապեանի «Ուիլսընի իրաւարար վճիռը իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղի» հետաքրքրական ներկայացումն էր: Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին կատարուեցաւ ծրագիրին փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահէ Ջիլավեանը եւ Կոտայքի մարզպետի տեղակալ Կարէն Մարգարեանը:

Ծրագիրի մասնակիցներուն ողջոյնի խօսք յղած էին Ծաղկաձորի քաղաքապետ Արթուր Յարութիւնեանը եւ այլ անձնաւորութիւններ ու մասնակիցներ: Փակման արարողութեան գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին «Սփիւռք ամառնային դպրոցի 2013» ազգային երգի եւ պարի դասընթացքներուն եւ հայոց լեզուի արագացուած դասընթացքներուն մասնակիցները, որոնք ներկայացուցին իրենց սորված հայրենասիրական ստեղծագործութիւնները: Հանդիսութեան աւարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ մասնակիցներուն յանձնուեցան ծրագրի մասնակցութեան հաստատագրեր:

Ժամը հասած էր հրաժեշտի: Յուզումով բաժնուեցանք իրարմէ եւ հայրենիքէն, բայց խոստացանք իրարու ամէն ամառ հանդիպիլ, յատկապէս` հայրենի հողին վրայ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց 2013»-ի  ծրագիրը աւարտեցաւ յաջողութեամբ: Այս առիթով կը շնորհաւորեմ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ իր անձնակազմը` մաղթելով նորանոր վերելքներ եւ նուաճումներ: Կը հաւատամ, որ մարդիկ ինքնաքննադատութեամբ եւ մնայուն վերլուծական ակնոցով, ինչպէս նաեւ հարազատներու մատնանշումներով կը յաջողին բարելաւել եւ գերազանցել իրենք զիրենք: Այս առումով կ՛ուզեմ, իբրեւ սփիւռքահայ լրագրող, քանի մը առաջարկներ ներկայացնել մեծ ընտանիքիս:

Յառաջիկայի համար նախնտրելի պիտի ըլլայ, որ  լրագրողներուս ծրագիրը ըլլար ամբողջութեամբ անջատ եւ աւելի մասնագիտական ու գործնական: Կայ այլ անհրաժեշտ պարագայ մը` համակարգիչի եւ համացանցի պակասը, որ մեծ դժուարութիւն կը ստեղծէր մեր լրատուամիջոցներուն հետ կապի մէջ մտնելու: Շատ աւելի ամբողջական եւ գործնական պիտի ըլլար, եթէ կարենայինք այցելել զանազան լրատուամիջոցներ, խորհրդարան, հանդիպէինք վարչապետին եւ կարենայինք լուսաբանուիլ մեզ յուզող եւ հետաքրքրող հարցերով, իբրեւ լրագրողներ:

Որքան որ օգտուեցանք այս ծրագիրէն, այնքան ալ կային ակնկալութիւններ, որոնց իրականացման պարագային մեր դասընթացը պիտի ըլլար աւելի ամբողջական, մեր  փորձառութիւնը պիտի ըլլար աւելի հարուստ բայց եւ այնպէս, այս ծրագիրով մեր ստացածն ու ապրածը մեծ դեր ու իմաստ պիտի ունենան մեզի համար թէ՛ իբրեւ հայ մարդ եւ թէ՛ իբրեւ լրագրող:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )