Ֆելայնի Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի
Մարզիկներու փոխանցման վերջին օրը, Մանչեսթըր Եունայթըտ իր կազմին միացուց Էվըրթընի պելճիքացի յառաջապահ Մարուան Ֆելայնին` փոխան 42,80 միլիոն եւրոյի, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
25 տարեկան Ֆելայնի քիչ մը ուշ պիտի միանայ իր նոր ակումբին` նկատի ունենալով, որ ան իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ կը պատրաստուի Սկովտիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին:
Ֆելայնի, որ 2008-ին Սթանտար Լիեժէն ժամանեց «Կուտիսըն Փարք», մինչեւ 2016 պայմանագրութիւն մը ունէր ստորագրուած Էվըրթընի հետ:
CATEGORIES Մարզական

