Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահը Կը Զօրակցի Օպամայի Պահանջին. Օպամա Քոնկրեսէն Կը Պահանջէ Սուրիոյ Դէմ Որդեգրուելիք Միջոցառման Շուրջ Անմիջապէս Քուէարկութիւն Կատարել
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ Քոնկրեսը ի նպաստ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան զինուորական միջոցառման պիտի քուէարկէ, եւ թէ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերը պարտութեան մատնելու համար զինեալ ընդդիմութեան օգնելու աւելի լայն ծրագիր մը ունին:
Սպիտակ տան մէջ քոնկրեսական ղեկավարներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Օպամա Քափիթըլ Հիլին կոչ ուղղեց Սուրիոյ հարցով անմիջական քուէարկութիւն մը կատարելու եւ վերահաստատեց, որ ամերիկեան հարուածը սահմանափակ պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ Իրաքի եւ Աֆղանիստանի պատերազմներու կրկնութիւն մը:
«Մենք սահմանափակ բան մը կը պատկերացնենք: Ատիկա համաչափ բան մըն է: Ասատի կարողականութիւնը պիտի նուազեցնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «նոյն ատեն ունինք աւելի ընդարձակ ռազմավարութիւն մը, որ ընդդիմութեան կարողութիւնները բարձրացնել պիտի արտօնէ»:
Օպամա ըսաւ, որ ինք պատրաստ է լսելու քոնկրեսականներուն մտահոգութիւնները եւ վստահ է, որ այդ մտահոգութիւնները կարելի է փարատել: «Քոնկրեսին պիտի չդիմէի, եթէ խորհրդակցութեան վերաբերեալ լուրջ չըլլայի եւ չհաւատայի, որ առաքելութեան աւարտը երաշխաւորելու համար լիազօրութիւնը ճշդելով մենք աւելի ազդու պիտի ըլլանք», ընդգծեց Օպամա:
Հանդիպումին ներկայ էին Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական նախագահ Ճոն Պայնըր, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար Նենսի Փելոսի, Ծերակոյտին մէջ հանրապետականներու ղեկավար Մինչ ՄքՔանըլ, ինչպէս նաեւ ազգային ապահովութեան եւ զինեալ ուժերու հարցերով քոնկրեսական յանձնախումբերու նախագահները:
«Մենք լսումներ եւ անմիջական քուէարկում մը պիտի պահանջենք», ըսաւ Օպամա` աւելցնելով, որ «մեծապէս կը գնահատեմ, որ ամէն մարդ արդէն սկսած է լսումներ ճշդել եւ կը մտադրէ քուէարկել անմիջապէս, որ Քոնկրեսը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը (արձակուրդէն) վերադառնայ»:
Կը նախատեսուի, որ Քոնկրեսը 9 սեպտեմբերին այս հարցով քուէարկութիւն կատարէ:
Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական նախագահ Ճոն Պայնըր զօրակցութիւն յայտնեց Օպամայի պահանջին եւ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման պիտի հակադարձենք»` աւելցնելով, որ «միայն Միացեալ Նահանգները կրնան Ասատը զսպել»:
Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար Նենսի Փելոսի իր կարգին յայտնեց, որ «Ասատ քիմիական զէնք օգտագործելով կարմիր գիծը շրջանցեց»:
Իսրայէլ Հրթիռ Մը Կը Փորձարկէ
Մինչ շրջանին մէջ լարուածութեան բարձր մակարդակ եւ սպասողական վիճակ կը տիրէ, Իսրայէլ երէկ առաւօտեան Միջերկրական ծովուն մէջ կատարեց հրթիռի արձակում մը, որ Ռուսիոյ ռատարներուն կողմէ նշմարուեցաւ եւ Մոսկուայի կողմէ հրապարակուեցաւ, նախքան իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ հաստատուիլը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութենէն բանբեր մը յայտնեց, որ իսրայէլեան պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու Միացեալ Նահանգներու հակահրթիռային պաշտպանութեան գործակալութիւնը յաջողութեամբ պսակած են արձակումն ու ռատարով հետեւիլը «Անքոր» հրթիռին:
Նախարարութիւնը Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնեց, որ հրթիռը արձակուած է Իսրայէլի կեդրոնը գտնուող իսրայէլեան օդուժի զօրակայանէն: Փորձարկումին ընթացքին քննութեան ենթարկուած են իսրայէլեան արտադրութեամբ «Անքոր» նոր հրթիռի բարելաւուած կարողութիւնը եւ հակահրթիռային «Արօ» համակարգը, ներառեալ` ռատարի եւ ղեկավարման համակարգերը:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ տեղի ունեցածը Արեւելեան Միջերկրականի մէջ «իսրայէլեան համակարգի նախատեսուած փորձարկում մըն էր»: Ան ըսաւ, որ միջցամաքամասային հրթիռարձակում չէ նկատուած, ո՛չ շրջանին մէջ գտնուող մարտանաւերէն, ո՛չ ալ այդ մարտանաւերուն ուղղութեամբ: «Ամերիկեան բանակին կողմէ յարձակողական կամ պաշտպանողական բնոյթի հրթիռարձակում տեղի չունեցաւ», նշեց ան` ընդգծելով, որ «ամերիկեան ուժերը ատոր մասնակից չէին»:
«ՌԻԱ-Նովոսթի» հաղորդած էր, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Միջերկրական ծովէն դէպի արեւելեան Միջերկրականի ծովափը 2 «միջցամաքամասային տարրերու» արձակումը նկատած է` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու նախագահ Վլատիմիր Փութինը տեղեակ պահած է զարգացումէն:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց, որ ռուսական յայտարարութիւնը Իսրայէլի ստիպած է խոստովանելու, թէ փորձարկում մը կատարած է:
Քերրի. «Միջին Արեւելեան Երեք Երկիրներ
Միացեալ Նահանգներու Առաջարկեցին
Իրենց Ռազմակայանները Օգտագործել»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ «Միջին Արեւելքի շրջանէն երեք երկիրներ Միացեալ Նահանգներուն առաջարկեցին Սուրիոյ դէմ հաւանական զինուորական որեւէ գործողութեան մը համար իրենց ռազմակայանները օգտագործել»:
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Քերրի Քոնկրեսի դեմոկրատական անդամներուն յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ինչպէս նաեւ Թուրքիա առաջիններն էին, որոնք Սուրիոյ վարչակարգին դէմ զինուորական գործողութեան զօրակցութիւն յայտարարեցին: Քերրի ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ քոնկրեսականներու միջեւ հեռաձայնային ժողովի մը ընթացքին յայտնած է, որ կը նախատեսուի, որ այլ պետութիւններ եւս նոյն ընթացքին հետեւին:
Հանրապետական ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյն յայտարարեց, որ ինք Սուրիան հարուածելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի պահանջին պիտի զօրակցի, եթէ այդ մէկը պիտի նպաստէ «գետնի վրայ ճակատամարտի կացութեան շրջման»:
ՄքՔէյն ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «բաւարար չէ, որ սահմանափակ հարուածի մը ճամբով պատգամ փոխանցենք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին: Միջամտելու որոշումը պէտք է ներառէ սուրիական հակաօդային զէնքերու քայքայումը, որովհետեւ գետնի վրայ ճակատամարտը արդար չէ»:
Օպամա եւ Ճափոնի վարչապետ Պինզօ Ապէ Սուրիոյ տագնապին հարցով երկու երկիրներու գործակցութիւնը հաստատեցին: Անոնք հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշեցին, որ «քիմիական զէնքի օգտագործումը որեւէ պայմանի տակ մերժելի է»:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտեզ յայտնեց, որ ինք կը հաւատայ, որ յանձնախումբը պիտի զօրակցի Օպամային, եթէ վարչակազմը ուժի օգտագործման բոլոր մանրամասնութիւնները եւ պատկերացուցած արդիւնքը ներկայացնէ: Մենենտեզ «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ձեռնածալ մնալը «ծանր հետեւանքներ ունի: Անիկա պատգամ մը կ՛ուղարկէ» ոչ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն:
Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քափիթոլ Հիլի մէջ ամերիկեան վարչակազմին եւ քոնկրեսականներուն միջեւ հանդիպումներուն ընթացքին վարչակազմը այն մտավախութիւնը յայտնած է, որ քիմիական զէնքի օգտագործման չհակադարձելը Հըզպալլայի, Իրանի եւ Պաշշար Ասատի նման կողմեր աւելի յանդուգն պիտի դարձնէ: Վարչակազմը նաեւ քոնկրեսականները Սուրիոյ դէմ հարուածին աջակցելու համոզելու համար հրէական ազդեցիկ լոպիական խմբակի մը` Ամերիկեան-իսրայէլեան ընդհանուր յանձնախումբին (ԷՅՓԱՔ) օժանդակութիւնը խնդրած է:
Մոսկուա. «Ամերիկեան Հարուածը Օրինական Չէ
Եւ Միայն Հակառակ Արդիւնքը Պիտի Տայ»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ տակաւին չկրցան սուրիական ընդդիմութիւնը համոզել «Ժընեւ-2»-ին ներկայ գտնուելու»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Սերկէյ Վերչինին յայտնեց, որ «Սուրիոյ դէմ հարուածը օրինական պիտի չըլլայ եւ ամբողջ միջազգային յարաբերութեանց համակարգը պիտի հարուածէ»` շեշտելով, որ «ուժի օգտագործումը սպասուած արդիւնքը պիտի չտայ, այլ` հակառակ ազդեցութիւնը»:
Ռուսական աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնեց, որ «Մոսկուա Միջերկրական ծովուն մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը բարձրացնել չի ծրագրեր»:
Միջազգային Կեցուածքներ
Ֆրանսայի խորհրդարանական հարցերով նախարար Ալեն Վիտալիս յայտարարեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Սուրիան հարուածելու հարցին շուրջ Ֆրանսայի խորհրդարանի կողմէ քուէարկութիւնը չի բացառեր:
Ան ֆրանսական «Էր.Թէ.Էլ.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «քուէարկութեան հարցը Հոլլանտի համար արգիլեալ նիւթ մը չէ»` աւելցնելով, որ «Իշխանութեան տէրը նախագահն է, միայն ան կ՛որոշէ, եթէ յարմար ատենին քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ»:
Ան ըսաւ, որ սահմանադրութիւնը կը նշէ, որ զինուորական միջամտութեան որոշումը միայն նախագահին կը պատկանի:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յոյս յայտնեց, որ վաղը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած Քսաններու խմբակի ժողովին ընթացքին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքով ենթադրեալ յարձակումին հակադարձելու հարցով միջազգային համաձայնութիւն մը գոյանայ:
Ան Գերմանիոյ խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «մենք յստակ կ՛ըսենք, որ Գերմանիա (Սուրիոյ մէջ) որեւէ զինուորական գործողութեան պիտի չմասնակցի, սակայն կ՛աւելցնենք, որ կ՛ուզենք մեր առջեւ մնացած օրերուն ընթացքին կարելին ընել միջազգային ընտանիքին կողմէ միացեալ հակադարձութեան մը հասնելու համար»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարելու կարեւորութիւնը կը հաստատէ, հակառակ սուրիական իշխանութեանց դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարելու արեւմտեան երկիրներու մտադրութեան:
Համաս շարժումը յայտարարեց, որ կ՛ընդդիմանայ Սուրիոյ, արաբական ու իսլամական երկիրներուն մէջ արտաքին զինուորական միջամտութեան:
Սուրիոյ Գաղթականներուն Թիւը Հասած Է
2 Միլիոնի
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է երկու միլիոնի:
ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով յանձնակատարը զեկուցումի մը մէջ յայտարարած է, որ «Սուրիոյ դէպքերը դարձած են մեր դարու մեծ ողբերգութիւնը, ժամանակակից պատմութեան ամօթալի աղէտը: Եթէ իրավիճակը չկայունանայ, գաղթականներու թիւը պիտի շարունակէ աճիլ»:
Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ ամէն օր հինգ հազար մարդ Սուրիայէն կը հեռանայ: Յուլիսին հաղորդուած էր 1.8 միլիոն գաղթականներու մասին:
Նշենք, որ թրքական լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ պայթումի մը պատճառով 6 զոհ արձանագրուած է:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Արընչ երէկ յայտարարեց, որ «թրքական կառավարութիւնը Սուրիոյ դէմ հաւանական զինուորական հարուած մը շղթայազերծելու պատրաստութիւններ կը տեսնէր»: