Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Յորդանան

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի անձնական օդանաւով մեկնեցաւ Յորդանան, ուր մասնակցեցաւ «Արաբ քրիստոնեաներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթով երկօրեայ խորհրդաժողովի մը, որուն պիտի նախագահէ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը:

Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց Ապտալլա Բ. թագաւորը, որ կոչ ուղղեց բոլորին ամէն ջանք ի գործ դնելու` կանխարգիլելու համար կրօնները երկփեղկող բոլոր փորձերը:

Ապտալլա Բ. թագաւորը հաստատեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պահպանելու համար արաբական քրիստոնէական ինքնութինը եւ կրօնի ազատութիւնը: Ան կոչ ուղղեց նաեւ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը ամրապնդելու:

Աւարտելէ ետք իր խօսքը` Ապտալլա Բ. թագաւորը Ռայի պատրիարքը պարգեւատրեց Անկախութեան Ա. կարգի շքանշանով:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Յորդանան այն հողն է, ուրկէ յայտարարուեցաւ խաղաղութեան Աւետարանը:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց պահանջելու խաղաղութիւնը` հիմնուելով երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ հաստատել ամբողջական եւ արդար խաղաղութիւնը:

«Մենք Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ քաջ կը գիտակցինք մեր քրիստոնէական ինքնութեան, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնանք ազգային համերաշխութեան», ըսաւ ան:

Նշենք, որ յետմիջօրէին Ռայի պատրիարքը վերադարձաւ Լիբանան:

Այսօր առաւօտեան ան Տիմանի մէջ պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին ընթացիկ նիստին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )