Թրքական Պետութիւնը Պատասխանատու Է Առեւանգուած Լիբանանցիները Ազեզի Մէջ Պահելու Արարքին
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն պաշտպան խորհուրդը, որուն հետ քննարկեց այդ թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Քապալան հաստատեց, որ այդ թղթածրարը մարդկային, ազգային ու բարոյական բնոյթ ունի եւ իբրեւ այդպիսին, պէտք է օրինական բոլոր հեղինակութիւնները ջանքեր ի գործ դնեն այդ թղթածրարը լուսաւոր տեղ փոխադրելու եւ նպաստելու առեւանգուած լիբանանցիներու տունդարձին:
Հանդիպումէն ետք շէյխ Ապպաս Զղէյպ կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին ներկաները թրքական պետութիւնը պատասխանատու կը նկատեն առեւանգուած լիբանանցիները Ազեզի մէջ պահելու արարքին, որովհետեւ այդ շրջանը թրքական հակակշիռին տակ կը գտնուի, եւ բոլորին համար ծանօթ է, որ այդ շրջանին մէջ գտնուող զինեալները Թուրքիոյ կողմէ կը զինուին եւ կը ֆինանսաւորուին:
«Թուրքիոյ կառավարութենէն կը պահանջենք անմիջապէս միջամտել եւ առեւանգուած լիբանանցիները անյապաղ տուն վերադարձնել` ձերբակալելով այն ահաբեկիչները, որոնք մեղսակցած են ուխտաւորները առեւանգելու գործողութեան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: