Այսօր Աշխատատեղիներու Ընդհանուր Փակում
Տնտեսական խորհուրդներու որոշումին հիման վրայ այսօր ամբողջ Լիբանանի տարածքին տնտեսական, առեւտրական եւ տարբեր ծառայութիւններու մարզերուն վերաբերող աշխատատեղիները, դրամատուները, ընկերութիւններն ու գործարանները պիտի փակեն իրենց դռները` պահանջելով կազմել կարող եւ արդիւնաբերող կառավարութիւն մը, որ կրնայ փրկել Լիբանանն ու տնտեսութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ մեծ ջանք ի գործ կը դրուի Տնտեսական խորհուրդներուն կողմէ ժողովուրդի զանազան հատուածները գործադուլին մասնակցելու մղելու:
Միւս կողմէ, Տնտեսական խորհուրդներուն մէկ պատուիրակութիւնը այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին հանդիպում մը պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ` իր ծրագրած շարժումին պատկերացումը փոխանցելու անոր:
Նշենք, որ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Տնտեսական խորհուրդները Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի իրենց կեդրոնին մէջ հրաւիրած են մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին աշխատատեղիներու ընդհանուր փակումին արդիւնքները եւ այդ շարժումին արժեւորումը: