Թրքական Ջոկատը Լիբանանէն Հեռացաւ
«Նահար» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ՄԱԿ-ի անդամ պատասխանատուէ մը, նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական ջոկատը Սուրի Շաայթիէ գիւղաքաղաքի իր դիրքերէն հեռացած է` վերջ տալով ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան իր մասնակցութեան:
Պատասխանատուն մերժեց նշել թուրք զինուորներու հեռացման պատճառները` աւելցնելով սակայն, որ կան որոշ մեկնաբանութիւններ, թէ թրքական ուժերուն հեռացումը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ Անգարայի մօտեցումին, Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբուն վրայ թուրք օդաչուներու առեւանգումին:
Նոյն պատասխանատուն հաստատեց, որ 58 թուրք նաւազներ կը շարունակեն մաս կազմել ՖԻՆԻՒԼ-ի ծովուժին:
Ան ընդգծեց, որ նման պարագաներու ընթացքին կարեւորը կը մնայ այն, որ գետնի վրայ ՖԻՆԻՒԼ-ի կարողութիւնները պահպանուին, որպէսզի ան կարենայ իր առաքելութիւնը շարունակել:

