Միքաթի-Պասիլ Հանդիպում
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Պատասխանելով Լիբանանէն քուէյթցի քաղաքացիներուն հեռացումին մասին հարցումի մը` Քանայի յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ կացութիւնը բարելաւուի, ապա անոնք պիտի վերադառնան Լիբանան:
CATEGORIES Լիբանանեան