Նախագահ Սլէյման Ընդունեց ՄԱԿ-ի Մնայուն Անդամ Երկիրներուն Դեսպանները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի մնայուն անդամ երկիրներու դեսպանները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի, Եւրոպական Միութեան եւ Արաբական լիկայի ներկայացուցիչները, որոնք նախապատրաստական աշխատանք տարին 25 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին շրջագիծին մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակին նիստին առնչութեամբ:

Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակին անդամ երկիրները պիտի քննարկեն այն միջոցները, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ ամրապնդել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, օժանդակել անոր տնտեսութեան եւ հաստատութիւններուն, հզօրացնել անոր զինեալ ուժերը, յատկապէս` բանակը, ինչպէս նաեւ աջակցիլ անոր` սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու իր բեռը թեթեւցնելու առաքելութեան մէջ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուած դեսպանները հաստատեցին, որ իրենց պետութիւնները շահագրգռուած են  Լիբանանի կայունութեամբ եւ պիտի շարունակեն իրենց օժանդակութիւնը, ի մասնաւորի լիբանանեան բանակին զօրակցելու առումով:

Անոնք շեշտեցին, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովը տեղի ունենայ նախագահութեամբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպաններուն եւ ներկայ դիւանագէտներուն` Լիբանանի կայունութեան եւ Լիբանանը շրջանային տագնապներէն հեռու պահելու իմաստով անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան անշեղ կը մնայ «Պաապտայի յայտարարութենէն»` աւելցնելով, որ Լիբանան համոզուած է, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը միայն քաղաքական պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ զինուորական:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ դատաւոր Իսամ Սլէյման: Քննարկուեցան խորհուրդին աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Հաննա:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )