Պորուժերտի Սէուտական Արաբիայէն Կը Պահանջէ Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ Իր Կեցուածքը Փոխել

Նախագահ Սլէյման եւ Պորուժերտի

Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի` գլխաւորելով իրանեան պատուիրակութիւնը եւ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի, շարունակեց Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ իր հանդիպումները:

Պէյթէտտինի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Պորուժերտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ դէմ արտաքին զինուորական գործողութիւններու սկսելու հետեւանքները` ամբողջ շրջանին վրայ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանանի սկզբունքներուն դէմ է Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններու շղթայազերծումը` աւելցնելով նաեւ, որ Լիբանան կը մերժէ քիմիական զէնքերուն օգտագործումը:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ պէտք է շարունակել հետաքննութիւնները, բացայայտել քիմիական զէնքերը գործածող կողմերը եւ ապա պատժել զանոնք:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը չէզոք պահել զինուորական որեւէ գործողութենէ:

Միքաթիի Մօտ

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Պորուժերտին եւ անոր ընկերակցող իրանեան պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Պորուժերտի յայտնեց, որ հակառակ այն իրականութեան, որ շրջանը մտահոգ է Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու կողմէ սանձազերծուելիք զինուորական գործողութիւններուն հաւանականութենէն` նկատի ունենալով, որ անոնք յետաձգուեցան եւ ոչ թէ ջնջուեցան, Իրան կը յուսայ, որ ամերիկեան հանրային կարծիքը կարենայ Ուաշինկթընի ուղղութիւնը շեղել դէպի հոն, ուր Միացեալ Նահանգներ կ՛որոշեն Սուրիան չռմբակոծել, «որովհետեւ այլապէս ամբողջ շրջանը պիտի հրկիզուի», ըսաւ ան:

Պորուժերտի աւելցուց, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր ժողովին նախօրեակին, արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին Թունուզի եւ Եգիպտոսի տուած որոշումները ողջունելի են:

«Մենք կը մաղթենք, որ Սէուտական Արաբիան` իբրեւ շրջանին մէջ գտնուող իսլամական երկիր, Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր կեցուածքը փոխէ, որպէսզի արգիլէ արեւմտեան երկիրները` շրջանին հարցերուն միջամուխ ըլլալէ», հաստատեց ան:

Պուսթրոս Պալատին Մէջ

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Պորուժերտին:

Մանսուր մաղթեց, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ինքնազսպումի ենթարկուի եւ շրջանին ապահովութիւնը վտանգի չենթարկէ:

Պորուժերտի յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան զինուորական գործողութիւնները կրնան ամբողջ շրջանը վտանգի ենթարկել, իսկ այդ շրջագիծին մէջ առաջին եւ մեծագոյն տուժողը պիտի ըլլայ սիոնական գոյացութիւնը:

Պորուժերտի եւ սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլայի Հետ

Պորուժերտի նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին զարգացումները:

Այցելութիւն` Մուղնիէի Շիրիմին

Պորուժերտի այցելեց նաեւ Հըզպալլայի զինուորական թեւի նախկին պատասխանատու, նահատակ Իմատ Մուղնիէի շիրիմը, ուր ան զետեղեց ծաղկեպսակ մը:

Պորուժերտի շեշտեց, որ Մուղնիէ Լիբանանին, Հըզպալլային, արաբ ազգին եւ իսլամներուն համար հպարտութիւն է:

Պորուժերտի Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը աւարտեց երեկոյեան ժամը 6:00-ին` խորհրդարանին մէջ երկրորդ անգամ հանդիպում մը ունենալով արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին հետ:

Share this Article
CATEGORIES