Երեւանի Քաղաքապետը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հանդիպումէն պահ մը

Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնեց, որ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչները իրենց միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկած են Երեւանի մէջ սկաուտական խումբերու գործունէութեան ընդլայնման հետ կապուած հարցեր:

Ողջունելով հիւրերը` քաղաքապետը նշեց, որ միութեան երիտասարդները աշխուժօրէն կը մասնակցին Երեւանի քաղաքապետին կից քաղաքաշինական խորհուրդի երիտասարդական յանձնախումբի աշխատանքներուն եւ այդպիսով կը նպաստեն մայրաքաղաքի զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման: Տարօն Մարգարեան նաեւ ընդգծեց պատանիներու եւ երիտասարդութեան շրջագիծին մէջ միութեան կողմէ կատարուող աշխատանքներուն կարեւորութիւնը եւ ընդգծեց, որ ատիկա այլ կարելիութիւն մըն է` ձեւաւորելու հայրենասէր, պատասխանատու եւ գիտակից սերունդ:

«Մենք կարեւոր կը նկատենք բոլոր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք միտուած են նպաստելու առողջ հասարակութեան կայացման: Երեւանի քաղաքապետարանը պատրաստակամ է իր լիազօրութիւններուն շրջագիծին մէջ մշտապէս աջակցելու միութեան նմանատիպ բոլոր նախաձեռնութիւններուն», նշեց քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ 27 յուլիսէն 3 օգոստոսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն ընթացքին Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար եւ ընդգծեց, որ քանիցս համոզուած են, որ քաղաքապետարանը իսկապէս վստահելի գործընկեր է:

Նշուեցաւ նաեւ, որ միութիւնը պատրաստ է հետագային եւս աշխուժօրէն մասնակցելու քաղաքապետարանի նախաձեռնութիւններուն:

Բագրատ Եսայեան նաեւ տեղեկացուց, որ յաջորդ տարի նախատեսուած է համահայկական սկաուտական բանակում կազմակերպել:

Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան անգամ մը եւս ընդգծեց Երեւանի քաղաքապետարանի պատրաստակամութիւնը` աջակցելու սկաուտական շարժման նոր ծրագիրներու իրականացման գծով եւ ցուցաբերելու անհրաժեշտ օժանդակութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES