ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՅՆԹՈՒՐԱ ԵՒ ԱՄՇԻԹ ԲԱՐՁՐԱՑԱՆ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան Գ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Այնթուրա (Քեսրուան) 83-74 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 2-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Ամշիթը, հանդիսացաւ Գ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Բ. դասակարգի իր տոմսը: Մրցումը տղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Ամշիթ ինք եւս բարձրացաւ Բ. դասակարգ, մինչ փլէյ-օֆի այլ մրցում մը` Սեն Ժորժի (Զալքա) եւ Ղազիրի միջեւ, պիտի վճռէ երրորդ խումբին անունը:
Նշենք, որ Այնթուրա իր բաժակը ստացաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլայէն եւ գանձապահ Վիգէն Չերչեանէն:
CATEGORIES Մարզական