ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՏԵԼ ՀԱՔԻՄԻ ԱՆՈՒԱՆ ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՍԿՍԱՒ
Երէկ, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ Ատել Հաքիմի անուան փինկ փոնկի վեթերաններու միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ ըլլալով:
Յաջորդաբար խօսք առին Ռոք Հաքիմ (Ատելի զաւակը), ինչպէս նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա: Ապա, մթնոլորտը ճոխացուց լիբանանցի երգիչ Զիատ Պուրժի, որմէ ետք սկսան յայտագիրին վրայ գտնուող առաջին օրուան մրցումները:
Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցան տղոց 40, 50 եւ 60 տարեկանէն վեր մրցումները, որոնք ընթացան մեծ խանդավառութեամբ:
Այսօր` հինգշաթբի, 9 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն սկսեալ տեղի կ՛ունենան երկրորդ օրուան մրցումները:
CATEGORIES Մարզական