ՃԱՏՐԱԿ- ՏԱԹԵՒ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՄԵԾ ՎԱՐՊԵՏԻ ԿՈՉՈՒՄ ՍՏԱՑԱՒ

Տաթեւ Աբրահամեան

ՖԻՏԷ-ի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ամերիկահայ Տաթեւ Աբրահամեան ձեռք ձգած իր բացառիկ արդիւնքներուն համար մեծ վարպետի (Կրանտմասթըր) կոչում ստացաւ:

23 տարեկան Աբրահամեանի պարգեւատրման այս լուրը յայտարարուեցաւ Այնէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ուր ՖԻՏԷ-ն յատուկ ժողով մը կը գումարէր:

Նշենք, որ ներկայիս Աբրահամեան կը գտնուի Հայաստան եւ կը պատրաստուի յառաջիկայ 15 յունիսին Ջերմուկի մէջ սկսելիք Կարէն Ասրեանի անուան մրցաշարքին:

ՖԻՏԷ-ի այս պարգեւատրումէն օգտուեցան նաեւ հայրենի վարպետներ Կարէն Գրիգորեան (16 տարեկան) եւ Աննա Հայրապետեան (22 տարեկան), որոնք միջազգային վարպետի կոչում ստացան:

Share this Article
CATEGORIES