ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՑԱՐԴ ԻՐ ՅՈՅՍԵՐԸ ՉԷ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ»

Սուրէն Բարսեղեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Սուրէն Բարսեղեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած Ռուսիա – Հայաստան Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցումին:

«Նախ եւ առաջ կու գամ ըսելու, որ այդ մրցումը պէտք էր դրական արդիւնք ունենար, որովհետեւ մեր խումբը որակով գերազանցեց իր մրցակիցը: Դարձի այս մրցումին մեր տղաքը շատ լաւ գործադրեցին մարզիչին ցուցմունքները եւ անոնց մօտ պայքարի ոգին բաւական բարձր էր: Դժբախտաբար, սակայն, անոնց ճիգերը արդիւնք չտուին, հակառակ մեր կազմին կրած պարտութեան, մեր յոյսերը պէտք չէ կորսնցնենք, որովհետեւ յոյս ունինք ապահովելու աւարտականի մրցումներուն մեր տոմսը», ըսաւ Բարսեղեան:

 

Share this Article
CATEGORIES