ՃԱՏՐԱԿ. ԳԱՍՊԱՐՈՎ ԴԺԳՈՀ Է ՖԻՏԷ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԷՆ
Աշխարհի ճատրակի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարով հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով նախորդ մայիսին Քազանի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին ըսաւ, որ ՖԻՏԷ-ն կը շարունակէ խաբել ճատրակի աշխարհը:
«Այս մրցաշարքը անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու ՖԻՏԷ-ի անկարողութիւնը: Մրցումներուն կարճ ըլլալէն բացի, անոնց ընթացքին տեղի կ՛ունենային շատ մեծ սխալներ, որոնք կը նկատուին խոցելի: Երբ Քիրսան Իլիումժինով վերընտրուեցաւ ՖԻՏԷ-ի նախագահ, չյարգեց այն խոստումները, զորս տուած էր նախքան իր վերընտրուիլը: Յոյսով եմ, որ շատ մօտիկ ապագային ճատրակի աշխարհը գայ ընդհանուր յայտարարի եւ պահանջէ Իլիումժինովի հրաժարականը` այսպիսով վերջ մը դնելով անոր մենատիրութեան», ըսաւ Գասպարով:
CATEGORIES Մարզական