ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՄԱՎԸՐԻՔՍ – ՀԻԹ` 2-2
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանը ըստ երեւոյթին պիտի շարունակուի երկարիլ` նկատի ունենալով, որ հաւասարութեամբ կ՛ընթանայ երկու կազմերուն` Տալաս Մավըրիքսի եւ Մայեմի Հիթի միջեւ տեղի ունեցող մրցումը:
Մավըրիքս, 86-83 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել (2-2): Հակառակ անոր որ Տուայն Ուէյտ նշանակեց 32 կէտ, սակայն անոր կազմը երեք կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն մը կրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 21 կէտ:
Անոնց միջեւ 5-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` ուրբաթ, 10 յունիսին` Տալասի մէջ: Ապա, 6-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մայեմիի մէջ, ինչպէս նաեւ այդտեղ պիտի կատարուի 7-րդ մրցումը` եթէ կարիքը զգացուի:
CATEGORIES Մարզական


