ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԽԻՄՔԻԻ ՄԱՐԶԻՉ
Ռուսիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Խիմքիի ընդհանուր տնօրէն Սերկէյ Կորոտնիչուք իր կատարած պաշտօնական մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ խումբի գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Գրիգորեան պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ, հակառակ անոր որ որոշ տարաձայնութիւններ կ՛ըսեն, որ ան կրնայ պաշտօնազրկուիլ:
Նկատի ունենալով, որ Խիմքի 14-րդ հանգրուանին իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Քամազէն, շրջան կ՛ընեն շշուկներ, որ Գրիգորեան կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը:
Նշենք, որ Խիմքիի մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի հիմնական բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի:
CATEGORIES Մարզական