Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ոչ մէկ մտահոգութիւն ունիք այս օրերուն, նիւթական կամ այլապէս: Մնացէք ձեր ծրագիրներով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը շատ գեղեցիկ է: Պիտի ունենաք օգտակար գործունէութիւն` շնորհիւ նոր լուսնին ազդեցութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուշադիր եղէք այսօր, հեռու մնացէք վիճարկող անձերէ, որպէսզի հանգիստ մնաք ձեր ծրագիրներուն իրականացման ընթացքին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը ունի նպաստաւոր պայմաններ, գործնական նոր քայլեր առէք, կը յաջողիք: Միացէք ձեր բարեկամներուն, ուրախացէք միասնաբար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ձեր տնտեսութիւնը կը մտահոգէ ձեզ, լուծումներ պիտի գտնէք բարելաւելու համար զայն: Ամէն հարց ճար մը ունի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի իմաստով, տրամադիր պիտի ըլլաք գոհացում տալու ձեզի ուղղուած առաջարկներուն: Մտահոգիչ ոչինչ ունիք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոր հարցեր կրնան ստեղծուիլ, ուրեմն հարկ է լաւ մտածել որոշում տալէ առաջ: Համբերող եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը յարմար է որեւէ գործունէութիւն իրագործելու համար: Ձեր նախաձեռնութեամբ կրնաք ունենալ դրական արդիւնք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր ուշադիր պէտք է ըլլաք որեւէ քայլ առնելու, որովհետեւ օրը ձեռնտու չէ նախաձեռնութիւններ ունենալու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Առօրեան լեցուն պիտի ըլլայ, իսկ կարգ մը դժուարութիւններ պիտի չքանան: Ձեզի կը մնայ ըլլալ համբերատար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ նոր գործի մը դիմաց գտնուիք, պիտի կարենաք կազմակերպել` շնորհիւ ձեր արթնամտութեան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամուսնական կամ ընկերային կեանքի մէջ պիտի ունենաք անհամաձայնութիւններ: Ձեզի կը մնայ ըլլալ համբերատար եւ ոչ` յարձակունակ: