50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1963)

Խմբագրական

Վիեթնամի Տագնապը

Ողջակէզ պոնզեր, հալածական պուտտայականներ, սրբապղծուած տաճարներ, ահազդու կին մը, որ շանթեր կ՛արձակէ. այս բոլորը ասիական հարաւ-արեւելքի մէջ, որ քսաներորդ դարու երկրորդ կիսու առաջին տասնամեակին գաղթային վայրագ կռիւի մը թատերավայր հանդիսացաւ, եւ որ տակաւին չէ գտած իր քաղաքական ու տնտեսական հաւասարակշռութիւնը:

Որեւէ երկիր հեռու չէ այլեւս: Աշխարհի որեւէ մասին մէջ պատահած դէպք մը անպայմանօրէն իր անդրադարձը կ՛ունենայ միջազգային քաղաքական կեանքին վրայ եւ հաշուի պէտք է առնուի Արեւելք-Արեւմուտք դիրքաւորման տեսանկիւնէն:

Մինչեւ հիմա, Խորհրդային Միութիւնը լուռ է Հարաւային Վիեթնամի մէջ պատահած դէպքերուն մասին: Այն աստիճան, որ եթէ տագնապը մէկ կողմէ վարչապետ Տիէմի վարչակարգին եւ պուտտայականութեան դրօշին տակ համախմբուած ընդդիմադիրներու միջեւ կը զարգանայ եւ օրէ օր կը բարդանայ, միւս կողմէ, սակայն, վտանգաւոր կերպով կը ծանրանայ Ուաշինկթընի եւ Սայկոնի միջեւ, թէեւ Սպիտակ տունը շատ զգուշ է եւ չ՛ուզեր փութացնել դէպքերը:

Միջազգային մամուլը Սայկոնի դէպքերուն մէջ կը տեսնէ «վիեթնամեան ծուղակ» մը, որուն մէջ ինկած է Ամերիկա 1954-էն ի վեր, այսինքն` այն օրէն, երբ այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Տալլըս, կամայական որոշումով մը, ութսուն առ հարիւր պուտտայական երկրի մը գլուխը նշանակեց կաթողիկէ վարչապետ մը` յանձին Նկօ Տինհ Տիէմի:

Միացեալ Նահանգները երբեք չվաւերացուցին 1954-ի Ժընեւի դաշնագիրը, որ վերջ կու տար Հնդկաչինի պատերազմին, Տիէն Պիէն Ֆուի ողբերգութենէն ետք: Բայց հետզհետէ իրենց ազդեցութեան տակ առին երկիր մը, որ արուեստականօրէն կազմուեցաւ նախկին Հնդկաչինի արեւելեան ափերուն վրայ` մայրաքաղաք ունենալով Սայկոնը: Երկրին հիւսիսը դարձաւ առանձին պետութիւն մը, համայնավար վարչակարգով, նախագահութեամբ Հօ Շի Մինի, որուն հիմնական նպատակն է ամբողջ հնդկաչինեան թերակղզին ենթարկել համայնավար տիրապետութեան:

1954-ին թէեւ Հնդկաչինի պատերազմը դադրեցաւ, բայց հրոսակային կռիւները երբեք չընդհատուեցան, վիեթքոնկները` համայնավար հրոսակները, ձեռնարկեցին մաշողական պատերազմի մը, որուն նպատակն է տապալել Տիէմի վարչակարգը եւ երկիրը յանձնել համայնավարներուն:

Հետզհետէ այս կռիւը այնպիսի բնոյթ մը առաւ, որ Հարաւային Վիեթնամ դարձաւ ընդարձակ կռուադաշտ մը` ի խնդիր ասիական հարաւ-արեւելքի տիրապետութեան:

Միացեալ Նահանգները ոտքով գլխով նետուեցան այս կռիւին մէջ: Կ՛ըսուի, թէ 150 հազար ամերիկացի զինուորներ կը գտնուին Հարաւային Վիեթնամի մէջ, մինչ վտանգի պահերուն Խաղաղականի ամերիկեան 7-րդ նաւատորմը բազմաթիւ ռազմանաւեր կը ղրկէ Տելթայի շրջանը, Մեքոնկի գետաբերանը` իբրեւ զգուշացման հրաւէր:

Հակառակ ամերիկացիներու ի գործ դրած միջոցներուն, հակառակ Վիեթնամի համար ամէն օր ծախսուող մէկ միլիոն տոլարին, Վիեթքոնկը հետզհետէ աւելի տեղ գտաւ, եւ կ՛ըսուի, թէ ներկայիս հարիւր հազարէ աւելի կռուողներ ունի:

Միացեալ Նահանգները ներկայիս պարտաւոր են ճիգ թափելու երկու ճակատի վրայ. նախ պէտք է լուծում մը գտնեն Տիէմի վարչակարգին եւ պուտտայականներու միջեւ ծագած տագնապին, յետոյ, անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնուին` Վիեթքոնկը պարտութեան մատնելու համար: Երկու ծանր խնդիրներ, որոնք կը բարդուին Միացեալ Նահանգներու համաշխարհային բազմապիսի դժուարութիւններուն վրայ:

Վիեթնամը ներկայիս դարձած է զգայուն գետին մը, ուր համայնավար Չինաստան կրնայ դժուարութիւններ ստեղծել այն խաղաղ գոյակցութեան առջեւ, որուն կը ձգտի Մոսկուայի հիւլէական դաշնագիրը: Փեքինի համար դժուար պիտի չըլլայ աւելի թափ տալ դէպի հարաւ էջքին, բայց կ՛երեւի կը սպասէ, որ տագնապը ինքնին լուծուի Տիէմի հակահամայնավար վարչակարգին տապալումով:

Վիեթնամեան բանակը, որուն վրայ Ուաշինկթըն յոյսը դրած էր` փոխարինելու համար Տիէմը, իր վերջին ելոյթով բռնատէրին կողքին կեցաւ, ինչ որ նոր ճամբաներ որոնելու անհրաժեշտութեան առջեւ դրաւ Քենետիի վարչամեքենան:

Ամէն պարագայի տակ, այս կացութիւնը երկար չի կրնար շարունակուիլ, եւ պիտի գայ օր մը, երբ ամերիկացիք ստիպուած պիտի ըլլան վճռական որոշումներ տալու, որովհետեւ ոչ մէկ ձեւով կրնան ասիական հարաւ-արեւելքը լքել համայնավար տիրապետութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )