Փորձ-Հարցարան. Ձեր Իրերը Կը Բացայայտեն Ձեր Բնաւորութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1

Ո՞րն է ձեր նախասիրած պայուսակը.

ա.- Ուսապարկը
բ.- Ձեռքի գործ (քրոշէ, հիւսք…) պայուսակը
գ.- Սովորական, գործնական պայուսակը
դ.- Գնումի համար նախատեսուած, խոշոր պայուսակը:

2

Ինչպիսի՞ կօշիկներ կը նախընտրէք կրել երեկոյթի մը ընթացքին.

ա.- Մարզական
բ.- Ամէնօրեայ, սովորական
գ.- Պալըրիններ
դ.- Դասական

3

Ի՞նչ ժամացոյց կը կրէք.

ա.- Խոշոր եւ յստակ թուանշաններով
բ.- Չէք կրեր
գ.- Թանկարժէք քարերով
դ.- Սովորական, առանց զարդարանքի

4

Ի՞նչ կարելի է գտնել ձեր պայուսակին մէջ.

ա.- Սիրային վէպ մը
բ.- Բախտաբեր իր մը
գ.- Բջիջային մը
դ.- Ասեղ եւ թել

5

Որպէս նուէր ձեզ կ՛ուրախացնէ.

ա.- Թանկարժէք անուշահոտ մը
բ.- Փունջ մը կարմիր վարդ
գ.- Հետաքրքրական գիրք մը
դ.- Համերգի տոմս մը

6

Ձեր ճաշի սեղանէն անպակաս են.

ա.- Արծաթեայ մոմակալները
բ.- Ասեղնագործ սփռոցը
գ.- Աղամանը
դ.- Հացը

7

Շատ մեծ գուրգուրանքով կը պահէք.

ա.- Ձեր ադամանդեայ օղերը
բ.- Ձեր մահացած ծնողներուն նկարները
գ.- Ձեր պետական փաստաթուղթերը
դ.- Ձեր առաջին սիրային նամակը

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մէջ գերակշռող է «ա» տարբերակը, ձեռնարկներու սիրահար անձ էք: Ներկայ էք ցուցահանդէսներու, բարեսիրական ձեռնարկներու, համերգներու եւ ամէնուրեք սիրուած եւ գնահատուած էք ձեր բարձր տրամադրութեան եւ սրամտութեան պատճառով: Դիւրաւ կը ներէք մանր-մունր սխալները, բայց ոչ` մեծերը: Գործօն եւ նախաձեռնող` վայրկեան մը իսկ չէք ուզեր կորսնցնել ձեր շատ թանկագին կեանքէն:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մէջ գերակշռող է «բ» տարբերակը, վիպապաշտ «թագուհի» էք եւ պատրաստ էք սիրահարելու դերասանի մը, վարորդի մը եւ կամ հտպիտի մը, եթէ ան ձեզի ասպետ թուի… Ձեր ճաշակին, զգացումներուն եւ ցանկութիւններուն մէջ փոփոխական էք: Վստահելի էք, բայց հակամէտ` ուրիշին սխալները խոշորացոյցով դիտելու: Երբեմն չափէն աւելի բարի էք եւ ընդհանրապէս կը զանազանուիք ձեր ստեղծագործ գաղափարներով:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մէջ գերակշռող է «գ» տարբերակը, անկախ եւ խելացի անձնաւորութիւն էք: Կ՛ուզէք ամէն ինչի հասնիլ ինքնուրոյն` յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները: Կը վարէք առողջ ապրելակերպ, կը սիրէք տպաւորել ձեր շրջապատը ոչ թէ խելքով, այլ` արտաքինով: Վստահելի եւ դրական անձ էք:

***

Եթէ ձեր պատասխաններուն մէջ գերակշռող է «դ» տարբերակը, փառասէր չէք, ոչ ալ` երազներ հիւսող, այլ կ՛ապրիք օրուան համեմատ: Հաւասարակշռուած էք եւ վճռական, բայց դժբախտաբար երբեմն չար էք եւ նախանձոտ: Մարդիկ կը գնահատեն ձեր պարզութիւնը եւ կացութիւններուն յարմարելու ձեր կարողութիւնը:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Դպրոցական Վերամուտի Նախօրեակին
Երեխան Հոգեբանօրէն Պատրաստել

Ձեր երեխան դպրոց ճանապարհելու համար բաւարար չէ անոր նոր համազգեստ, գեղեցիկ պայուսակ եւ այլազան գրենական պիտոյքներ գնելը. առաջին հերթին պէտք է զայն հոգեպէս նախապատրաստել դպրոց վերադառնալու գաղափարին: Չէ՞ որ ան երկար ամիսներ տունը մնալէ ետք, վերստին պիտի համակերպի նոր ժամանակացոյցի, նոր օրէնքներու…

Որպէսզի այս անցումը ծանր չկշռէ երեխային վրայ, արդէն ժամանակն է, որ գործի լծուիք եւ ձեր փոքրիկը պատրաստէք դպրոցական վերամուտին:

Նոր Ժամանակացոյց Եւ Օրէնքներ

Երեխային համար ամէնէն դժուարը նոր ժամանակացոյցին ենթարկուիլն է: Եթէ ամբողջ ամառը ինք ճշդած էր իր քունի եւ զարթնումի ժամերը, հիմա ստիպուած է ենթարկուելու իրեն «պարտադրուած» ժամերուն:

Մինչեւ վերամուտ երեխան վարժեցուցէք կանուխ արթննալու, այնքան մը կանուխ, որ ան առանց դժուարութեան ժամանակ ունենայ աչքերը բանալու, լուացուելու, հագուելու եւ նախաճաշելու:

Անշուշտ որ ան առաջին օրերուն ժպտերես պիտի չարթննայ, նոյնիսկ պիտի դժգոհի ու լայ,  բայց ձեզի կը մնայ բացատրել, թէ որքան կանուխ արթննայ, այնքան հանգիստ կը հասնի իր ընելիքները կատարելու:

Իսկ երեխային արթնցնելու համար տխուր եւ խղճահարուած տեսք մի՛ առնէք, այլապէս  ձեր զաւկին կը թուի, թէ դպրոց երթալը իսկական ողբերգութիւն մըն է, որ պիտի տեւէ ամբողջ տարի մը: Ձեր դպրոցական փոքրիկը արթնցուցէք ժպիտով, ջերմ խօսքերով եւ նոյնիսկ` երգով:

Այսօրուընէ զայն վարժեցուցէք նախաճաշելու եւ ճաշելու այն ժամերուն, ինչպէս` յառաջիկային, դպրոցական օրերուն: Զայն վարժեցուցէք նաեւ կանուխ քնանալու. ան բնականաբար նախ պիտի ընդվզի, սակայն բացատրեցէք, որ անբաւարար քունը կը վնասէ իր կեդրոնացումին, յիշողութեան, դասերուն…

Վարժեցուցէք ձեր երեխային ինքնուրոյն դառնալու,. թող կոկէ իր սենեակը, պատրաստէ պայուսակը, առանձին հագուի դպրոցական համազգեստը եւ կապէ կօշիկներու կապերը: Դուք եղէք անոր կողքին` որպէս հսկող աչք եւ ի հարկին ձեռք երկարող մը:

Հաճելի Գնումներ

Որպէսզի դպրոց երթալը երեխային համար նաեւ հաճելի արարողութիւն մը դառնայ, վերամուտէն շաբաթ մը առաջ անոր հետ շրջեցէք խանութները գրենական պիտոյքներն ու պայուսակը գնելու համար: Անոնց ընտրութիւնը ձգեցէք ձեր զաւկին, բայց դուք ստուգեցէք որակը, անվտանգութիւնը եւ անշուշտ` գինը:

Եթէ երեխային նախորդ տարուան որակաւոր պայուսակը կամ դպրոցական համազգեստը տակաւին նոր եւ գործածելի է, բացատրեցէք անոր եւ փոխարէնը անոր գնեցէք նոր մարզական կօշիկ մը, գրչատուփ մը կամ մարզական տարազ մը: Թերեւս անմիջապէս չհամոզուի, սակայն տեղի մի՛ տաք, ան պէտք է հասկնայ, որ որոշ բաներ կարելի չէ տեւական նորով մը փոխարինել, այնքան ատեն որ ունեցածը տակաւին գործածելի է: Փոքր տարիքէն զայն վարժեցուցէք, որ տեւաբար ուրիշներուն հետ չհամեմատուի, բայց նաեւ դպրոցական վերամուտին զայն մի՛ զրկէք «նոր բան մը» ունենալու հաճոյքէն:

Եւ յիշեցէ՛ք, որ ձեր սէրն ու հոգատարութիւնը անփոխարինելի նեցուկ են ձեր երեխային համար: Ան պէտք է զգայ եւ հասկնայ, որ միայն ինքը չէ, որ կը պատրաստուի դպրոցին, այլ դուք իրեն հետ կը կիսէք իր հոգերը եւ կ՛օգնէք յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները:

 

Այլազան

Մազերը Աճեցնող Ծեփուկ

Եթէ կը փափաքիք շատ արագ աճեցնել ձեր մազերը, փորձեցէք հետեւեալ հրաշք ծեփուկը, որ կրնայ մէկ ամսուան ընթացքին 15 սմ երկարել ձեր մազերը: Ծեփուկը գործածեցէք մէկ ամսուան ընթացքին շաբաթը մէկ անգամ:

Մանանեխով ծեփուկը պատրաստելու համար անհրաժեշտ են` 2 ապուրի դգալ չոր մանանեխի փոշի, 2 ապուրի դգալ տաք ջուր, 1 հաւկիթի դեղնուց, 2 ապուրի դգալ ձէթ եւ 2 թէյի դգալ շաքարաւազ:

Մանանեխի փոշին լուծեցէք տաք ջուրի մէջ, աւելցուցէք միւս բոլոր բաղադրիչները եւ լաւ խառնեցէք: Քսեցէք մազարմատներուն, խուսափեցէք մազերուն ծայրերը ծեփուկով շփելէ:

Աւարտելէ ետք կերպընկալէ գլխարկ մը դնել եւ, վերջապէս, փաթթել տաք անձեռոցով: Ծեփուկը պահեցէք 15-30 վայրկեան (նայած թէ մանանեխին որքան կը դիմանաք):

Գաղջ ջուրով ցօղուեցէք ձեր մազերը եւ ապա լուացէք շամփուէնով:

Կասիան Եւ Մեղրը Մորթը Կը Մաքրեն

Մորթին վրայ ժամանակ առ ժամանակ յայտնուող սեւ կէտերը տհաճ տեսք ունին: Անոնցմէ ձերբազատելու համար կան բազմաթիւ միջոցներ, որոնց կարգին` մեղրով եւ կասիայով պատրաստուած դիմակը:

Դիմակը պատրաստելու համար անհրաժեշտ են կասիա եւ մեղր: Մէկ թէյի դգալ կասիային վրայ աւելցուցէք երկու ճաշի դգալ մեղր, խառնեցէք եւ տարածեցէք ձեր դէմքն մաշկին վրայ: Սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա ցօղուեցէք գաղջ ջուրով:

Ամիս մը չանցած` արդէն սեւ կէտերը անհետացած կ՛ըլլան:

Տարիքին Զուգահեռ Պէտք Է Նուազեցնել
Ալքոլի Գործածութիւնը

Բրիտանացի հոգեբանները երկարատեւ հետազօտութիւններէ ետք եկած են այն եզրակացութեան, որ 65 տարեկանէն ետք մարդիկ պէտք է նուազեցնեն ոգելից ըմպելիներու գործածութիւնը:

Տարիքին զուգահեռ ալքոլի օգտագործման քանակը պէտք է նուազեցնել, քանի որ մարդուն օրկանիզմը 65-էն ետք աւելի դժուար կ՛իւրացնէ զայն, քան` երիտասարդ տարիքին:

Նոյն բժիշկներուն կարծիքով, ոգելից ըմպելիներու ամէնօրեայ չափաբաժինը պէտք չէ անցնի 300 միլլիլիթրը:

 

Խոհագիր

Դդումով Թակլիաթել

Չորս անձի համար անհրաժեշտ են.

– 4 դդում
– 1 պճեղ սխտոր
– 1 ապուրի դգալ մանրուած, թարմ ռեհան
– 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 4 ապուրի դգալ մաքրուած, սեւ ձիթապտուղ
– 2 ապուրի դգալ սնոպար
– 4 ապուրի դգալ ձէթ
– Աղ եւ սեւ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Սխտորը ճզմել, իսկ սնոպարները տապակին մէջ խորովել:

Ձիթապտուղները խոշոր կտրտել:

Դդումները լուալ, չորցնել, ծայրամասերը հանել եւ գետնախնձոր կեղուող գործիքով զանոնք շատ բարակ շերտերու վերածել (հրաժարիլ միջուկին կուտով բաժինէն):

Կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնել, քիչ մը աղ աւելցնել եւ դդումի շերտերը մէջը նետել հազիւ քանի մը վայրկեան, որպէսզի թմրին, բայց ոչ` խաշին: Դդումի շերտերը քամոցէ անցընել եւ ձգել, որ պաղին:

Աղցանի ամանի մը մէջ դնել սխտորը, ձէթը, կտրտուած ձիթապտուղը, կիտրոնի հիւթը, մանրուած ռեհանը, աղն ու պղպեղը եւ լաւ խառնել` միատարր նիւթ մը ստանալու համար: Աւելցնել դդումի շերտերը, զգուշութեամբ խառնել եւ հրամցնելու պահուն զարդարել խորոված սնոպարով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայրենիք

Հայրենիքը պաշտօնեայ չէ կաշառակեր,
Կամ ոստիկան լկտիացած,
Հայրենիքը պատիւն է մեր
Ու մեր խիղճը սըննկացած:
Մեր կոթողներ պահող հողն է,
Հաց ու ծիրան սնող ցօղն է,
Մաշտոցն է սուրբ, Նարեկացին,
Մայրն է` աչքը մեր տուն դարձին:
Արարատն է մեր դեռ գերի,
Հայերէնը` ջինջ, անթերի`
Նման անմար մի կանթեղի:
Հայրենիքը փեսացու չէ,
Կամ հարսնացու հարստացած,
Հայրենիքը մայր է պառաւ,
Հայր` ծերացած:
Հայրենիքը պատիւն է մեր
Ու մեր խիղճը ստրկացած:

ՀԵՆՐԻԿ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES