Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մօրս Աչքերը
ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ
Մօրս աչքերուն փայլքն ու ադամանդեայ
Ջինջ, ուժեղ անմար կայծեր:
Տխրութեանս` մթնշաղներ մթին,
Խնդութեանս` ծիածաններ եթերային:
Անոնք արթուն, անոնք պահակ`
Վահաններով անսպառ:
Անոնք բոյր եւ գոյն,
Կեանք են անոնք, զգացում եւ միտք
***
Պէտք է ճանչնաք մայրս…
Մայրս սեւաչեայ
Մայրս կամար յօնքերով
Հայուհի է կատարեալ:
Համարձակի թող ոչ ոք
Կիտել յօնքերը անոր
Կամ ցօղով լեցնել աւազաններն
Անոր աչքերուն:
Յունիս 2013
CATEGORIES Անդրադարձ