Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Թեհրան

ԹՀԹ 15-րդ Պատգամաւորական Ժողովի
Երկօրեայ Նիստը

Օգոստոսին 20-ին Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ Թեհրանի հայոց թեմի 15-րդ Պատգամաւորական ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ ատենապետութեամբ Գէորգ Վարդանեանի եւ Նորայր Արամեանի:

Օրակարգին մէջ ներառուած էին Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան հարցերուն հետ առնչուող վերջին զարգացումները: Իրանի Իսլ. խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան տոքթ. Կարէն Խանլարեան հարցին անդրադառնալով, արծարծեց անոր  քաղաքական եւ հասարակական կողմերը` խօսելով նաեւ  նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւններուն մասին:

Հարցին անդրադառնալով` սրբազան հայրը իր խօսքը կեդրոնացուց սուրիահայ համայնքին առջեւ գտնուող հարցերուն վրայ անդրադառնալով նաեւ նիւթական այն օժանդակութեան, որ իրանահայ համայնքը  տրամադրած է սուրիահայերուն:

Ցուցադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին  ներկայացուած Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի զեկոյցը, ուր մանրամասնօրէն լուսաբանուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ողջ գործունէութիւնը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ  նաեւ Ազգային ընդհանուր ժողովին, ուր Գէորգ Վարդանեան նախ շնորհաւորեց ՊԺ-ի անդամ Վարդան Վարդանեանը` Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ ընտրուելու առիթով, ապա ժողովին մասնակցող պատգամաւորներուն առաջարկեց արտայայտուիլ, եթէ ժողովին առնչուող  փոխանցելիք ունին:

Պատգամաւորները ունկնդրեցին ԹՀԹ Կրօնական խորհուրդի 2013-2015 երկամեայ ծրագրի աշխատանքային գործունէութեան զեկոյցը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ եկեղեցական խորհուրդներու եւ ազգային մարմիններու անդամակազմերու քուէարկութիւն:

Աւարտին, սրբազան հայրը հաստատեց, որ անկատար մնացած որոշումները պիտի  իրագործուին եւ հարկ է առօրեայ իրականութիւններուն յարմարեցնելով զանոնք` ներկայացնել գործնական նախագիծերու տեսքով ու գործադրութեան յանձնել` ի շահ համայնքի զարգացման, աւելցնելով, որ այս մէկը կ՛ըլլայ միասնական ճիգերով եւ աշխատանքով:

 

Նոր Ջուղայ

Մինիսոթայի Սուրբ Թովմաս Աստուածաբանական
Համալսարանի Պատուիրակութեան Այցը
Ազգային Առաջնորդարան

Անցեալ շաբաթ Ս. Ամենափրկչեան վանք այցելեցին Ղոմ քաղաքի «Ճամէաթ-օլ-մոսթաֆա-ալալամիէ» խմբակցութեան կողմէ կազմակերպուած քրիստոնեայ (կաթողիկէ)-իսլամ (շիա) երկխօսութեան կապակցութեամբ երկրորդ համագումարին մասնակցելու նպատակով Իրան հրաւիրուած Ամերիկայի Մինիսոթա քաղաքի Սուրբ Թովմաս աստուածաբանական համալսարանէն պատուիրակութիւն մը:

Խումբը Ս. Ամենափրկչեան վանքի ծաղկեայ սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Իրանի Իսլ. խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան երեսփոխան Ռոպերթ Պեգլարեան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը համապարփակ տեղեկութիւններ փոխանցեց Իրանի եւ յատկապէս Սպահանի հայոց թեմին մէջ ապրող հայ համայնքի կացութեան վերաբերեալ, անդրադառնալով իբրեւ քրիստոնեայ կրօնական փոքրամասնութիւն հայութեան իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն, շեշտելով, որ հայ համայնքը, որպէս Իրանի լիարժէք քաղաքացի, իր պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները կը կատարէ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ լրջութեամբ, փոխադարձաբար վայելելով յարգանք եւ ուշադրութիւն` Իրանի պետական համակարգին եւ ժողովուրդին կողմէ:

Հանդիպման ընթացքին հիւրերը ներկայացուցին պատուիրակութեան Իրան այցելութեան նպատակը եւ գոհունակութիւն յայտնեցին, որ ականատես եղան նման աշխատանքներու եւ դրական գործունէութիւններու` միաստուածեան կրօններու միջեւ երկխօսութեան եւ համերաշխ կեցութեան զարգացման ուղղութեամբ:

Պատուիրակութիւնը պաշտօնական հանդիպումէն ետք, այցելեց «Ս. Յովսէփ Արեմաթացի» եկեղեցի եւ Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Խաչատուր Կեսարացի»-ի անուան թանգարան:

 

Ֆրանսա

Ֆրանսահայ Գեղանկարիչ Ժերանեան
Պարգեւատրուեցաւ Ֆրանսական
«
Մշակութային Ճառագայթում» Մետալով

Վերջերս Ֆրանսահայ նշանաւոր գեղանկարիչ Ռիշար Ժերանեան «Ֆրանսական վերածնունդ» կոչուած ֆրանսական կազմակերպութեան կողմէ արժանացաւ «Մշակութային Ճառագայթում» արծաթեայ շքանշանին:

Մետալի տուչութեան հանդէսին ընթացքին ելոյթ  ունեցաւ փրոֆ. Յակոբ Քերքիշարեան, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց գեղանկարիչին գործին մասին :

Այս առիթով Ֆրանսայի արուեստի շրջանակները նկատել տուին, որ Ժերանեանի կտաւները միայն հայկական չեն, անոնցմէ շատեր կը ներկայացնեն նաեւ ֆրանսական համայնապատկերներ, եւ անոնք այժմ տեղ գտած են աշխարհի զանազան թանգարաններու մէջ:

Ժերանեան հայրենասէր գեղանկարիչ մըն է եւ քանիցս ցուցահանդէսներ կազմակերպած է նաեւ Հայաստանի մէջ ու իր կտաւներէն բազմաթիւ օրինակներ նուիրած է Հայաստանի թանգարաններուն:

 

Միացեալ Նահանգներ

Քոլորատոյի Հայաստանեայց Առաքելական
Եկեղեցւոյ 10-ամեակի Տօնախմբութիւն

Օգոստոս 4-ին նշուեցաւ Քոլորատոյի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ 10-ամեակը: Թեմի  առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հովուական այցելութիւն տուաւ շրջան, Ս. Կատարինէ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ եւ փոխանցեց իր պատգամը:

Պատարագի աւարտին Տենվըրի «Միրաժ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավար Հրանդ Միհրանեան: Ծխական խորհուրդի ատենապետ Գէորգ Սարիբեկեան ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ծուխի հաստատման 10-ամեակին առիթով ողջոյնի եւ շնորհաւորական նամակ մը յղած էր ծուխի նախկին հոգեւոր հովիւ Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան:

Ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Տիկնանց միութեան խօսքը, ապա Տենվըրի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Այզէա արք. հանդէս եկաւ պատգամով մը: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին, առ ի գնահատանք  ծուխին մէջ իրենց մատուցած անձնուէր ծառայութիւններուն, առաջնորդ սրբազանը օրհնութեան եւ գնահատքի վկայագրով պարգեւատրեց Վահագն սրկ. եւ Ռուզաննա Սարգիսեանները, Եուրա եւ Ելեն Խաչատուրով ամոլը, Վարուժան եւ Մարի Մարկոսեան ամոլը, Վալոդ եւ Նուարդ Թումասեան ամոլը եւ Վահան եւ Աննա Քաւաքեան ամոլը` անոնց փոխանցելով իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները:

Տոքթ. Վահրամ Պիրիճիքի Բանախօսութիւնը
Կեսարիոյ Եւ Պոլսոյ Հայ Եկեղեցիներուն
Եւ Համայնքներուն Մասին

Օգոստոս 14-ին առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ կնքահայր եւ Արեւմտեան թեմի խնամակալութեան ծրագիրի ատենապետ տոքթ. Վահրամ Պիրիճիքի դասախօսութիւնը` «Պատմական հայ եկեղեցիներ եւ համայնքներ` Կեսարիա եւ Պոլիս» նիւթին շուրջ:

Տոքթ. Պիրիճիք բանախօսութեան ընթացքին ցուցադրեց սահիկներ, ուր ներկայացուած էին Կեսարիոյ հայկական եկեղեցիներուն վիճակը: Դասախօսը անդրադարձաւ վերջերս Արեւմտեան  Հայաստան կատարած իր այցելութեան մասին եւ ներկաներուն հետ բաժնեց իր հոգեկան զգացումներուն վերանորոգումը: Ան խօսեցաւ Կեսարիոյ եւ Պոլսոյ հայ համայնքներուն քրիստոնէական ոգիին եւ ջանքերուն մասին` պահպանելու համար Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւնները:

Թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ  Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան  իր խօսքին մէջ փոխանցեց առաջնորդին երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը եւ անդրադարձաւ նաեւ տոքթ. Պիրիճիքի նուիրումին` Արեւմտեան թեմի առաքելութեան, անոր մատուցած թանկագին ծառայութիւններուն եւ ղեկավարի կարողութիւններուն:

Կոմիտասեան Պատարագի
Նոր Խտասալիկի Ներկայացում

Հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, 15 օգոստոսին, առաջնորդարանի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ, առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ Արեւմտեան թեմի երկսեռ դպրաց դասի երգչախումբին կողմէ պատրաստուած կոմիտասեան Ս. պատարագի երգեցողութեան խտասալիկը:

Հանդիսութեան բացման խօսքով,Լիւսի Թաշճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Ստեփան սրկ. Կէօզումեանը, որպէսզի ներկայացնէ այս աշխատանքին նպատակն ու ընթացքը: Ան յիշեց, թէ տարիներու երազն էր այս ծրագիրը, որ տեւած էր մէկուկէս տարի եւ իրականացած է հովանաւորութեամբ ու քաջալերանքովը առաջնորդ Տէրտէրեանին:

Ներկաները նաեւ առիթ ունեցան բաժին առ բաժին ունկնդրելու պատարագէն մասեր:

Խտասալիկը խմբելու, դաշնաւորելու, ձայնագրելու եւ պատրաստելու համար իր բաժինը բերած է երաժշտութեան յայտնի մասնագէտ Մաժակ Թոշիկեանը, որ իր խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց բոլորին մասնակցութիւնը:

Աւարտին, սրբազանը բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց մասնակցութեամբ, բարոյական ու նիւթական օժանդակութեամբ այս աշխատանքը իր աւարտին հասցուցին:

Արդի Մանկավարժութեան Մասնագիտութեան Չափ
Կարեւոր Է Հոգեւոր Եւ Ազգային Մշակոյթի
Փոխանցման Հայ Դպրոցի Դերը

Օգոստոս 19-ին ազգային վարժարաններու վերամուտին առիթով թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարան եւ խօսքը ուղղեց աշակերտներուն, որոնք վերամուտի օրը համախմբուած էին «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը կարեւորութեամբ վեր առաւ հայ դպրոցին դերը` հայ աշակերտի ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան աճումին մէջ, ապա նաեւ յիշեցուց, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2013 տարին ձօնած է հայ մօր, որ հիմն է հայ ընտանիքին ու առաջին դաստիարակը` հայ մանուկին: Ան նշեց, որ հայ ուսուցիչն ալ օժտուած է հայ մօր առաքինութիւններով ու սերտ գործակից մըն է հայ մանուկին հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան գործին:

Սրբազանը նաեւ հաստատեց, որ հայ դպրոցը ամէն բանէ առաջ քրիստոնէական արժէքներու եւ հայկական ազգային մշակոյթի փոխանցման օճախ է. արդի արհեստագիտութիւնը մանկավարժական մեծ բարիքներ կը բերէ ամէն տարի, սակայն մեզի համար նոյնքան կարեւոր է հայ մանուկն ու պատանին տոգորել աստուածաշնչական իմաստութիւններով, արժէքներով, մեր դարաւոր մշակոյթի ժառանգութիւններուն բաժնեկից դարձնել հայ աշակերտը, անոր միտքն ու հոգին հարստացնել մեր պատմութենէն հասած աւանդներով:

Առաջնորդ սրբազանն ու ներկայացուցչական դէմքերը Էնսինոյէն ուղղուեցան Նորթ Հիլզի համալիր, ուր տեղի ունեցաւ վարժարանին նախակրթարանի բաժինին վերամուտի հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց
Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանին Այցելութիւնը

Օգոստոս 23-ին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեանին այցելութիւնը: Հայր սուրբը կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու այժմէական հարցերու շուրջ:

Սեպուհ Սիմոնեանի «Քեփիթըլ Սիթիզ»-ը
«
Վի.Էմ.Էյ.» Մրցանակ Շահեցաւ

Օգոստոս 25-ին Պրուքլինի «Պարքլիզ սենթըր»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» կայանի երաժշտական տեսերիզներու յատուկ «Վի. Էմ. Էյ.» մրցանակներու մրցանակաբաշխութիւնը, որ ուղղակի սփռուեցաւ նոյն կայանէն:

Սեպուհ Սիմոնեանին առաջնորդած «Քեփիթըլ սիթիզ» խումբը, որուն «Սէյֆ էնտ սաունտ» երգը այս ամրան ընթացքին ամէնէն շատ նուագուած երգերէն մէկն է Միացեալ Նահանգներու տարածքին, «Լաւագոյն տեսողական տպաւորութիւն» մարզին մէջ շահեցաւ «Վի. Էմ. Էյ.» մրցանակը: Նոյն երգին տեսերիզը թեկնածու էր նաեւ «Արուեստի լաւագոյն բեմադրութիւն» մարզին մէջ:

«Եահուզ Միւզիք»-ի համաձայն, սոյն երգէն աւելի քան մէկ միլիոն թուայնացած օրինակներ արդէն իսկ ծախուած են: Նաեւ, 16 շաբաթ առաջ հրապարակուած երգը «Պիլպորտ հաթ 100»-ի ցանկին վրայ կը շարունակէ մնալ լաւագոյն տասնեակին մէջ:

 

Քանատա

Քանատաբնակ Քեսապցիներուն 9-րդ Համահաւաքը

Հովանաւորութեամբ Քեմպրիճի Հայ կեդրոնին, 4 օգոստոսին «Շէյտց Միլ» զբօսավայրին մէջ տեղի ունեցաւ քանատաբնակ քեսապցիներու 9-րդ համահաւաքը:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը կատարեց Քեմպրիճի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յովհաննէս Սարմազեան: Ան բարի գալուստ յայտնեց ներկաներուն, ապա շնորհակալութիւն` այն քեսապցիներուն, որոնք գործեցին այս հաւաքի յաջողութեան համար:

ՔԵմպրիճի եւ  Քանատայի այլ շրջաններէ շուրջ 400 հայորդիներ մաս կազմեցին այս հաւաքին, որուն ընթացքին անոնք ունկնդրեցին հայկական եւ գաւառական եղանակներ, պարեցին շուրջպարեր:

 

Share this Article
CATEGORIES