ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Սեպուհ սրբազանը` իրանական պատուիրակութեան հետ

Երէկ` չորեքշաբթի, 8 յունիս 2011-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրանէն ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին միջկրօնական երկխօսութեան բաժանմունքի նախագահ այաթոլլա Իրաքի, ինչպէս նաեւ իրանեան դեսպանատան մշակութային կցորդ կրօնաւորը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ ժողովուրդներու յարաբերութեան վերաբերող հարցեր:

Վեհափառը շեշտեց միջկրօնական երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` յիշեցնելով երկխօսութիւնը գործակցութեան վերածելու հրամայականը:

 

Share this Article
CATEGORIES