ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երկուշաբթի, 6 յունիս 2011-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ իսլամական համագումար մը` մասնակցութեամբ իսլամական երկիրներու պաշտօնական ներկայացուցիչներուն: Համագումարը կազմակերպուած էր Պէյրութի իսլամական հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին կողմէ:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Սրբազանը նաեւ համագումարին ընթացքին դասախօսեց «Իրանի հայութեան եւ իրանցի ժողովուրդի գոյակցութիւնը» նիւթին շուրջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES