Արտագաղթը Հայաստանէն

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Հայաստանէն արտագաղթի իրողութիւնը համայն հայութեան սիրտը կը ցաւցնէ: Խորհրդային վարչակարգի օրերուն Հայաստանէն կը գաղթէին բազմաթիւ հայ ընտանիքներ: Անոնց գաղթը դէպի Միացեալ Նահանգներ կամ Եւրոպա եւ արեւմտեան այլ երկիրներ` կ՛արդարանար ձեւով մը իբրեւ համայնավարական վարչաձեւը չհանդուրժողներու վերաբերում: Քսան տարիներէ ի վեր փուլ եկած է համայնավարութիւնը, Հայաստան դարձած է անկախ երկիր, բայց առաւել զարգացած է Հայաստանէն արտագաղթելու փափաքը, տենչը, չդիմանալով տեղւոյն անգործութեան առկայութեան: Բազմահազարներու հասած է մեր հայրենիքէն դէպի արտասահման գաղթած մեր հայրենակիցներուն թիւը: Խորհրդային օրերէն արտագաղթածներ արդէն տուն-տեղ եղած են Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, նաեւ Լատինական Ամերիկայի, ինչպէս նաեւ եւրոպական ոստաններու մէջ: Ո՛ւր որ դառնաս, հայաստանցի հայը հոն կը տեսնես:

Հայաստանի անկախ հանրապետութեան նախագահութիւնը ստանձնած նախագահներ` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ռոպերթ Քոչարեան եւ ներկայիս Սերժ Սարգսեան չկարողացան առաջքը առնել արտագաղթի հոսքին: Հայաստանի գիւղերը դատարկուեցան երիտասարդ բնակիչներէ, հոն մնացին ծերունիներ, որոնք անկարող եղան հողը մշակելու: Հողին կապուած քիչ թիւով ընտանիքներ եթէ մնացին` շարունակելու հայրենասիրական աշխատանքները, հայրենական սիրտը նկատուող ԳԻՒՂԸ պահպանելու նուիրական տրամադրութեամբ, անոնց ալ ցոյց չտրուեցան հարկ եղած օժանդակութիւնները` վարուցանի քրտնաջան աշխատանքները կատարելու գիւղացին, շինականը, մշակը կարիքը ունէին արդիական միջոցներու: Եզները փոխանակելու արդիական մեքենաներով, բայց հոգացող չկար: Լռած էր հորովելը, լուծ ու լծկան կը սպասէին հրաշքի, որ չէր յայտնուեր:

Հայաստանը միայն Երեւանը չէ: Լեռնային թէ դաշտային շրջաններու մէջ գիւղական կեանքը մնացած է տխուր, որովհետեւ երիտասարդները գործ կը փնտռեն, երկրագործական կամ գիւղատնտեսական աշխատանքները քաջալերողներ չկան: Գիւղերէն Երեւան կու գան երիտասարդներ` գործ փնտռելու: Հոն ալ եթէ չյաջողին, դէպի Ռուսիա գաղթը ամէնէն ձեռնտուն է: Ռուսաց լեզուն լաւ գիտէ հայը, խորհրդային օրերէն փոխանցուած «եղբայրական» տրամադրութիւնը` առկայ, հետեւաբար եւ մասամբ դիւրին կ՛ըլլայ մերուիլը: Այս իրողութեան կը հետեւին ընտանիք եւ հարազատներ, կին ու զաւակներ, մոռնալու հարցը: Տարիները կ՛անցնին, նոր երդիք ու նոր ընտանիք կը կազմուի նոր տարածքներու վրայ: Տեսնուածն ու հաստատուածը այն է, որ հայաստանցի հայը դժուարութիւն չ՛ունենար օտար երկիրներու մէջ «եոլա երթալու»: Ճարպիկ են: Օտար լեզուներ, այս պարագային` անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն կամ սպաներէն, գրեթէ չեն գիտեր, կամ` քիչերու պարագային կարելի է ընդունելի լեզուներ ըլլան մեր թուած լեզուներէն որեւէ մէկը: Այս ալ նկատենք բարենիշ մը` մեր հայրենակիցներուն հաշուոյն:

Արտագաղթի հոսքին մղում տուող երեւոյթներէն կարեւորագոյնը անկասկած արտասահման վաղուց գաղթած եւ հոն «արմատացած հայաստանցիները եղան: Անոնք ինչ-ինչ պատճառներով կարողացած էին խորհրդային օրերուն հայրենիքէն դուրս գալ, յետոյ մէկիկ-մէկիկ իրենց մօտ հրաւիրել Հայաստան մնացած իրենց հարազատները:

1970-ական թուականներուն կար ԱՆՉԱ    կոչուած ամերիկեան գաղթականներու յատուկ կազմակերպութիւն մը, որ կը դիւրացնէր հայրենիքէն ելքը դէպի արտասահման: Միացեալ Նահանգներն էին սիրով ընդունողը Խորհրդային Միութենէն խոյս տալ փափաքողները: Որքան դիւրին եղաւ այս միջոցառումով Հայաստանէն հայեր արտահանելը: Երբ լիբանանեան պատերազմը սկսաւ, 1975-էն ետք Իտալիա եղաւ ԱՆՉԱ-ի կեդրոնը: Հռոմը, Լիբանանի նման կարելիութիւն չունէր գաղթականներու պանդոկի, կեցութեան եւ ժամանակաւոր օգնութիւն ցուցաբերելու:

1977-ին Լիբանանի պատերազմական վիճակը մասամբ մեղմացած ըլլալ կը թուէր: Ամառնային արձակուրդով դէպի Եւրոպա ճամբորդութիւն մը կատարելու բախտը ունեցայ քրոջս հետ: Կը գտնուէինք Հռոմի հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Տէր Գէորգ վարդապետը մեզ կ՛առաջնորդէ, կը մտնենք եկեղեցի: Քանի մը վայրկեան ետք եկեղեցին կը լեցուի բազմութեամբ: Արեւելահայերէն խօսող հայեր, կին ու այր` երեխաներով, հայ եկեղեցականի մը շուրջը բոլորուած կը հետեւին ցուցմունքի: Կին մը կը մօտենայ ինծի եւ կ՛ըսէ.

– Հայաստանի՞ց էք, Ամերիկա՞ պիտի երթաք, դո՞ւք էլ, ո՞ր գիւղից էք…

Զարմացայ: Մեզ առաջնորդող վարդապետին հարցուցի.

– Ո՞ւր կ՛երթան այս հայերը…

– Իտալական դեսպանատուն, վիզաներու կարգադրութիւն կ՛ընեն հոս: Մեր եկեղեցին կ՛օգնէ: Դուրս ելած են Հայաստանէն: Նախապէս այս կարգադրութիւնները Լիբանանէն կ՛ըլլային, հիմա Հռոմէն կ՛երթան Միացեալ Նահանգներ:

Արդեօք ո՞վ գիտէ ճիշդ թիւը Հայաստանէն արտագաղթած հայերուն: Իրարու յենակ եղան, մէկը միւսին հրաւէր տուաւ եւ Հայաստանը պարպեցին: Միլիոններ կը հաշուեն ներկայիս գաղթած հայաստանցիներու թիւը: Ներկայիս, երբ անկախութիւն է, պետական միջոցները ձեռնտու չեն հայը իր հայրենիքին մէջ պահելու: Մինչեւ այսօր Հայաստան կը դատարկուի իր բնիկ ժողովուրդէն: Գիւղերը ամայացած են, միայն ծերունիներ եւ հիւանդներ կան: Պետութիւնը գործ չի կրնար հայթայթել, իսկ ժողովուրդն ալ մոռցած է հայրենասիրութիւնը:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կոչ կ՛ուղղէ Արտասահմանի հայերուն «Արի տուն» կոչով ու կանչով: Կ՛ակնկալէինք, որ հայրենի մեր պետութիւնն ալ ըսէր իր ժողովուրդին. «Մի՛ գնա, հայրենիքը չեն լքի»:

Ըստ երեւոյթին, մեր հայրենի պետութիւնը, իշխանութիւնը տարբեր խնդիրներով զբաղած են: Աթոռը պահելու հարցը հիմնական է: Կաշառքը, փտածութիւնը, գողութիւնը եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ ոճրագործութիւնը:

Հայաստանի պատկերասփիւռներէն ցուցադրուող «սերիալ»-ները ողջ ըլլան: Ընտանեկան, բարեկամական, անհաւատարմութիւններու եւ անուղղայ վերաբերումներու հեղինակները կը ստանան մէկ պատասխան.

– Կը սպաննե՛մ քեզ, կը մորթե՛մ քեզ…

Սարսափեցնող խօսքեր, ամէն օր լսուող: Որքա՜ն դիւրին է մարդ սպաննելը Հայաստանի մէջ, ոմանք պիտի պատասխանեն.

– Ամէն երկրի մէջ ոճիրներ կան, ինչո՞ւ կը մեղադրէք Հայաստանը.

– Ո՛չ, մէկ-երկու միլիոն բնակչութիւն ունեցող Հայաստանին համար այսքան ոճիր շատ է, շա՜տ…

Մեր սիրտը կը ցաւի Հայաստանէն շարունակուող այս գաղթին համար: Չարչարուած սուրիահայեր Հայաստան գացին, արդեօք պիտի կարենա՞ն լեզու գտնել մեր հայրենի հայրենակիցներուն հետ: Մեր հայրենիքը տակաւին չէ արժեւորած եւ չէ փառաբանած ազատ ու անկախ ըլլալու բախտը: Տակաւին յստակ է խորհրդային կարգերու ձգած մթնոլորտը. անհաւատարմութիւն, խաբեբայութիւն, ոճիր եւ միւսները:

Հետաքրքրական է դիտել, լսել Հայաստանի Հ1 պատկերասփիւռի կայանէն հեռարձակուող «Սպասիր, կը գամ» յայտագիրը: Իրարմէ բաժնուած, հարազատներ կորսնցուցած, 20, 30, 40 տարիներ իրարմէ անտեղեակ հարազատներ զիրար կը փնտռեն: Մոսկուայէն նախաձեռնած են այս փնտռտուքը եւ Հայաստանի հետ կապով բարիք կը գործեն մեր հայրենակիցները: Լաց եւ յուզում, հարազատներու միացում` հեռաձայնային զրոյցներով:

Հայրենիք ունինք, բայց կ՛ապրինք օտարութեան մէջ: Ափսո՜ս մեր բախտին:

 

Share this Article
CATEGORIES