2014-ի Մոնտիալ. Կրենիէ Բացակայ` Ֆրանսայի Կազմէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիոնի միջնապահ Քլեման Կրենիէ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով դուրս մնաց Ֆրանսայի կազմէն եւ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ վաղը Վրաստանի դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին:

Ֆրանսայի մարզիչ Տիտիէ Տեշան անոր փոխարէն նկատի առաւ Մաքսիմ Կոնալոնը (Լիոն):

Թ. խմբակին մաս կազմող Ֆրանսա, որ այժմ մէկ կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սպանիայէն, Վրաստանի դէմ իր կատարած մրցումէն չորս օր ետք պիտի մրցի Պիելոռուսիոյ դէմ, իսկ յառաջիկայ ամիս Ֆինլանտայի դէմ պիտի կատարէ զտումի իր վերջին մրցումը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )