Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Թուրքիոյ Մէջ Եգիպտոսի Դեսպանը Անգարա Պիտի Չվերադառնայ»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ապտել Ռահման Սալահ Գահիրէ պիտի մնայ եւ ներկայիս Անգարա պիտի չվերադառնայ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ «թրքական կառավարութեան` Գահիրէի մէջ իր դեսպանը խորհրդակցութեանց համար տուն կանչելը թրքական որոշում մըն էր եւ իրենց կը վերաբերի, սակայն ինչ կը վերաբերի եգիպտական արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Եգիպտոսի դեսպանը երկխօսութեան համար Թուրքիայէն կանչելուն, ապա մեր կեցուածքը եղածին պէս է եւ չէ փոխուած, իսկ Եգիպտոսի դեսպանը Գահիրէ պիտի մնայ եւ ներկայ հանգրուանին Անգարա պիտի չվերադառնայ»:

Պատասխանելով թրքական կառավարութեան իր դեսպանը Գահիրէ վերադարձնելու որոշումին մասին հարցումի մը` ան յայտնեց, որ «երբ թուրք պաշտօնատարները դադրին Եգիպտոսի ներքին հարցերուն միջամտելէ, այն ատեն կը նայինք, իսկ հիմա Եգիպտոսի դեսպանը Թուրքիա պիտի չվերադառնայ եւ մեզի համար կացութիւնը եղածին պէս է»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «եթէ Եգիպտոսի դէմ թրքական արշաւը շարունակուի, ապա ամէն ինչ կարելի է, ներառեալ` դիւանագիտական յարաբերութեանց խզումը»:

Նշենք, որ ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը, որ նախապէս թուրք-եգիպտական յարաբերութիւններու վատթարացման պատճառով Անգարա կանչուած էր, պիտի վերադառնար Եգիպտոս:

Դեսպան Հիւսէյն Աւնի Պոթսալը Անգարա կանչուած էր 16 օգոստոսին` խորհրդակցութիւններ կատարելու պատրուակով: Ատոր ի պատասխան` Եգիպտոս տուն կանչած էր Անգարայի մէջ իր դեսպանը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն դիւանագիտական աղբիւր մը երէկ իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը չորեքշաբթի օր (երէկ) Գահիրէ պիտի վերադառնայ:

Թուրք-եգիպտական յարաբերութիւնները վատթարացած են, որովհետեւ Անգարա Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնանկութիւնը «զինուորական յեղաշրջում» որակած էր:

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Ատլի Մանսուր յայտարարած է, որ եգիպտական իշխանութիւնները դէմ չեն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, եթէ վերջինս դադրի խառնուիլ Եգիպտոսի ներքին գործերուն:

«Մենք կը սպասենք թրքական իշխանութիւններուն ապագային կատարելիք քայլերուն, եւ մեր դիրքորոշումը պիտի յստակացնենք ատկէ ետք», ըսած է Մանսուր:

 

Share this Article
CATEGORIES