Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք հաշմուած կառավարութեան մը կազմութիւնը չեն ուզեր, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած չեն այն աթոռներով, որոնք նկար են եւ չեն գործեր, «եւ ըստ երեւոյթին, երեք ութերու տարազին վրայ հիմնուած կառավարութիւնը այդպիսին է», աւելցուց ան:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Տը Կարտիըն» օրաթերթին համաձայն, գաղթականներուն հարցը Լիբանանին եւ անոր կայունութեան վտանգ կը սպառնայ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր այցելուներուն յայտնած է, որ Լիբանանի կառավարութեան Հըզպալլայի մաս կազմելու ընտրանքը Սէուտական Արաբիոյ կողմէ վեթոյի չէ ենթարկուած:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի անձնակազմը կը հոգայ սուրիական ընդդիմութեան Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպայի յարաբերութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս շեշտեց, որ ամբողջ եկեղեցին կը մերժէ Սուրիոյ դէմ արեւմտեան որեւէ հարուած:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Կեպի Լայեուն անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը արտակարգ նիստեր գումարէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն մերժեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուած սառած իրավիճակը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ այս հանգրուանին լիբանանցի ղեկավարները կարիքը ունին երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ անկեղծութեամբ լուծելու հարցերը:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ կացութիւնը հասած է վտանգաւոր մակարդակի մը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը մերժէ սարին կազի օգտագործումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ուղղած ազգային երկխօսութեան կոչը պէտք է բոլորին կողմէ ընդունուի` երկրին բարօրութեան համար: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ դէմ որեւէ հարուած` ըլլայ ան սահմանափակ թէ ընդարձակ, ամբողջ շրջանը պիտի բռնկեցնէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր դաշնակիցներուն յայտնած է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ առաջադրուած ազգային երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը պակասաւոր է եւ աւելի լաւ է կեդրոնանալ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ Պէյթէտտինէն յայտարարուած առաջարկներուն վրայ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սուրիան, Հըզպալլան եւ Իրանը որոշած են պատասխանել` ամերիկեան որեւէ հարուածի, ինչ ալ ըլլայ անոր տարողութիւնը: Ուահապ ըսաւ, որ Սուրիան թիրախ դարձնող որեւէ հրթիռ ամբողջ շրջանը դէպի ամբողջական պատերազմ պիտի առաջնորդէ:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Քապալան Քապալան յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան լիբանանեան ազգային երկխօսութեան` քաղաքական տագնապէն դուրս գալու իբրեւ միակ ելք:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ բախումներ ծրագրելու եւ պատերազմներ սանձազերծելու նախապատրաստութիւնները կը միտին պահպանել Իսրայէլի ապահովութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը Լիբանանի չէզոք յայտարարութիւնն է, իսկ երկխօսութեան իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկը տարբեր է: Ան աւելցուց, որ Դիմադրութիւնը այս օրերուն սկսած է դիմադրել պետութեան, օրինականութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հանրի Հըլու կոչ ուղղեց երեք ութերու տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ ստեղծուած անիշխանութեան վերջ տալ: Ան նշեց, որ նոր կառավարութիւն մը չունենալու պարագային, Լիբանան պիտի վերածուի երեք զերոներու երկրի մը` ապահովական, տնտեսական եւ աշխատանքի առիթներու իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Եասին Ժապեր հարց տուաւ, որ եթէ երկխօսութիւն չկատարուի, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ կառավարութիւն մը կազմել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով իր կատարած խորհրդակցութիւններուն մէջ ինք Սուրիոյ զարգացումներուն չի վստահիր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համար նոր կառավարութեան աշխատանքին մէջ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին որդեգրումը հիմնական է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ իր ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Հըզպալլա կը հասկնայ նախագահ Սլէյմանի կատարած վերջին յայտարարութիւնները` գիտակցելով անոր պատասխանատուութիւններուն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ հաստատեցին իրենց համոզումը` քաղաքական եւ ոչ թէ չէզոք կառավարութեան մը կազմութեան գծով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ իրենք չեն մերժեր ազգային երկխօսութեան մասնակցիլ, եթէ ան տեղի ունենայ «Պաապտայի յայտարարութեան» հիման վրայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ականաւոր ղեկավար մը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն իմացած է, թէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւն մը կարելի կ՛ըլլայ կազմել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ակնկալած է, որ Սուրիոյ դէմ արեւմտեան յարձակում մը կատարուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )