Պասիլ Կ՛երկարաձգէ Քարիւղի Եւ Բնական Կազի Արտահանման Ծրագիրներու Միջազգային Աճուրդի Ժամկէտը
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան ջուրերէն քարիւղի եւ բնական կազի արտահանման ծրագիրներու միջազգային աճուրդի ժամկէտը, որ 4 նոյեմբերին կը զուգադիպէր, երկարաձգուած է մինչեւ 10 դեկտեմբեր 2013:
Պասիլ յայտնեց, որ արտաքին` իսրայէլեան եւ շրջանային ջանքեր կան, որոնք կ՛արգիլեն լիբանանեան ջուրերէն քարիւղի եւ բնական կազի արտահանումը:
Ան ընդգծեց, որ քարիւղի թղթածրարը կ՛ենթադրէ կառավարութեան արտակարգ նիստի մը գումարումը:
Պասիլ ընդգծեց, որ քարիւղի հարցը լիբանանեան երազ մըն է, եւ երբ նման ձգձգումներ կ՛արձանագրուին, քաղաքացին կը բարոյալքուի, իսկ պետութեան վստահելիութիւնը խոցելի կը դառնայ, «իսկ յապաղումն ու ձգձգումը կը նպաստեն Իսրայէլի շահերուն, այսինքն` անոնք, որոնք դանդաղ կը շարժին, կը ծառայեն իսրայէլեան շահերուն», ըսաւ ան: