Ապպաս Իպրահիմ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, ան ստուգեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հիմնադրութեան առիթով այսօր կատարուելիք ձեռնարկին գումակային, վարչական եւ ապահովական նախապատրաստութիւնները:
Նշենք, որ Իպրահիմի այցելեցին նաեւ Արսալի հեղինակութիւններն ու թաղապետերը` գլխաւորութեամբ Արսալի փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արսալի ընկերային եւ ապահովական հարցերը, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան

