Զօր. Քահուաժի-Ղոսըն Հանդիպում
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց բանակին եւ ապահովական զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Զօր. Քահուաժիի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Մարուան Ֆարես եւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


