Սապունճեան Կոչ Կ՛ուղղէ Հանդարտ Երկխօսութիւն Մը Կատարելու

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ յայտնեց, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու պահանջը իւրաքանչիւր լիբանանցիի պահանջն է եւ ոչ միայն Տնտեսական խորհուրդներուն:

Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ գործադուլի որոշումը` իբրեւ ճնշում բանեցնելու միջոց, ճիշդ քայլ մը չէ եւ նպատակին պիտի չծառայէ:

Ան ըսաւ, որ գործատէրերը իրականութեան մէջ արդիւնաբերող եւ ստեղծագործ մարդիկ են, որոնք կը հաւատան աշխատանքի առիթներուն, եւ անոնց գործելաոճին, սովորութիւններուն, աշխատանքին եւ սկզբունքներուն մէջ չ՛իյնար ժխտական քայլերու որդեգրումը:

Վ. Սապունճեան կոչ ուղղեց Տնտեսական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն վերադառնալու հանդարտ եւ տրամաբանական երկխօսութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ միացեալ պատկերացումով, գործակցութեամբ եւ նուազագոյն վնասներով  շրջանցել այս հանգրուանը:

Share this Article
CATEGORIES