Շէյխ Մընքարա. «Ղարիպ Հերքեց Իր Բոլոր Վկայութիւնները, Որոնք Ներկայացուած Էին Հսկայ Ճնշումի Տակ»

Իսլամական միութիւն շարժումի ղեկավար խորհուրդի նախագահ շէյխ Հաշեմ Մընքարա, որ երէկ ազատ արձակուեցաւ Վճռաբեկ ատեանին որոշումով, երեկոյեան ժամը 6:00-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Թրիփոլին թիրախ դարձուցած պայթումները խստիւ դատապարտելի են, որովհետեւ անոնք սեւ սիրտ ունեցող անհատներու արարքներն են` ինչ կողմի, քաղաքացիութեան կամ կրօնի ալ պատկանին անոնք:

«Եթէ նման արարքի մը մասին տեղեկութիւն ունենայի, ապա կը նախաձեռնէի երկրիս եւ բնակիչներուն պաշտպանութեան` ամբողջ սրտովս եւ ֆիզիքական ուժովս», ըսաւ ան:

Շէյխ Մընքարա հաստատեց, որ շէյխ Ահմետ Ղարիպ հերքած է իր մասին իր ներկայացուցած բոլոր վկայութիւնները, որոնք հետեւանք եղած են անոր դէմ բանեցուած հսկայ ճնշումին:

Ան ըսաւ, որ շէյխ Ղարիպի հասած է տեղեկութիւն մը, թէ շրջանի մը մէջ պայթում մը պիտի կատարուի:

Մընքարա քննադատեց ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքին ընթացքը` հարց տալով, որ արդեօք անոնց պահանջը ա՞յն է, որ Դիմադրութիւնը վերջ տայ Իսրայէլի դէմ իր առաքելութեան:

Ան ըսաւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Դիմադրութեան գահին թագաւորն է` աւելցնելով, որ իրենք վարչակարգի մը հետեւորդները չեն, այլ` նպատակի տէր անձեր:

Մընքարա հաստատեց, որ իրենք ոչ միայն Լիբանանի եւ Սուրիոյ, այլեւ` արաբական բոլոր երկիրներուն մէջ թիրախ կը նկատուին, դատապարտելով բոլոր պայթումները Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Ան կոչ ուղղեց երկխօսութեան, որպէսզի արիւնահեղութեան վերջ մը դրուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )