Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Կ՛ընդունի Նախագահ Սլէյմանն Ու Միքաթին Եւ Կը Նախագահէ Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նիստին
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Տիմանի մէջ նախագահեց պատրիարքներուն յատուկ պարտէզի կառուցման տասնամեակին նուիրուած ձեռնարկին, որուն ներկայ գտնուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման:
Միքաթի Տիմանի Մէջ
Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միքաթիի հետ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք` կարտինալ Նասրալլա Սֆէյր եւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա, ինչպէս նաեւ նախարարի պաշտօնակատարներ Հասսան Տիապ, Ուալիտ Տաուք եւ Ահմետ Քարամէ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք կը գիտակցին Միքաթիի ստանձնած ծանր բեռին եւ կ՛ողջունեն անոր համբերութիւնը, ինչպէս նաեւ կը բաժնեն անոր մտահոգութիւնը` Լիբանանի ճակատագիրին վերաբերեալ, նկատի ունենալով շրջանային պայմաններն ու կառավարութիւն մը կազմելու անկարողութիւնը:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց անսալու Ֆրանչիսկոս պապին կոչին եւ շաբաթ, 7 սեպտեմբեր 2013-ին աղօթելու ու ծոմապահութիւն կատարելու` Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար:
Իր կարգին, Քաչիա յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու առումով:
Իր կարգին, Միքաթի յայտնեց, որ շրջանը դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ, եւ այդ պայմաններուն դիմադրելու համար պէտք է ամրապնդել լիբանանեան ներքին ճակատը եւ կառչած մնալ չէզոք քաղաքականութեան, որ աւելի ուշ ստացաւ «Պաապտայի յայտարարութիւն» անունը:
«Միջլիբանանեան երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է` լուծելու համար տարակարծութիւններն ու խնդիրները, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջորդ տասնամեակներուն համար ապահովել Լիբանանի խաղաղութիւնը», ըսաւ ան:
Միքաթի վերահաստատեց չէզոք քաղաքականութենէն անշեղ մնալու կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց սկսելու երկխօսութեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին` Թրիփոլի կատարած անոր այցելութեան համար, նշելով, որ այդ այցելութիւնը ցուցանիշ էր, որ լիբանանցիներուն նոյն ճակատագիրը կը սպասէ:
Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի Նիստ
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նշեց, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ` նկատի ունենալով քիմիական զէնքերու օգտագործումը եւ Սուրիոյ դէմ Արեւմուտքին հասցնելիք զինուորական հարուածին հաւանականութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական որեւէ գործողութիւն դատապարտելի է. անոնք դատապարտեցին քիմիական զէնքերուն օգտագործումը եւ կոչ ուղղեցին Սուրիոյ ու շրջանի տագնապներուն համար միջազգային, խաղաղ եւ դիւանագիտական լուծումներ գտնելու եւ շրջանին մէջ ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ընդգծեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը պատճառ դարձած են երկրին տնտեսական իրավիճակին անդամալուծման:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց Լիբանանի պետական պատասխանատուներուն գիտակցելու իրենց պատասխանատուութեան եւ դուրս գալով անձնական նեղլիկ շահերէն եւ զիրենք երկփեղկող հարցերէն` կազմելու լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբող կառավարութիւն մը, որ կը պաշտպանէ Լիբանանի գերագոյն շահերն ու լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ սահմանադրական հաստատութիւնները` զանոնք փրկելով ամբողջական քայքայումէ: