ՕՊԱՄԱ ՄՏԱՀՈԳ Է ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐՏՔՈՎ

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անհանգստութիւն յայտնած է Յունաստանի պետական պարտքին պատճառով յառաջացած իրավիճակին նկատմամբ:

Ան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին կոչ ուղղած է Եւրոպական Միութեան ծիրին մէջ գործադրելու բոլոր ջանքերը` Յունաստանի սնանկացումը կանխարգիլելու համար: Ըստ Օպամայի, եթէ Եւրոպական Միութիւնը չյաջողի լուծել Յունաստանի պարտքի խնդիրը, անիկա կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ համաշխարհային տնտեսութեան համար:

Յունաստան իր կարգին բոլոր միջոցներուն կը ձեռնարկէ` երկրին մէջ ճգնաժամը յաղթահարելու համար: Յունաստանի իշխանութիւնները պետական պարտքը մարելու համար պատրաստ են վաճառելու պետական անշարժ գոյքը եւ շինարարական պետական ընկերութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES