ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱՅՍՐՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՄԶԿԻԹԻ ՄԸ ՀՐԿԻԶՈՒՄԸ

Մարք Թոնըր

Միացեալ Նահանգներ դատապարտեցին Այսրյորդանանի մէջ մզկիթի մը հրկիզումը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն «Մաղիր գիւղին մէջ մզկիթի մը վնասներ հասցնելն ու անոր հրկիզումը»:

Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ «այս յարձակումը Այսրյորդանանի մէջ մզկիթներ թիրախ դարձնող բռնարարքներուն նորագոյնն է: Այսպիսի դէպքեր շրջանին մէջ ամբողջական խաղաղութեան հաստատումը արգելակած են»:

Հաղորդագրութիւնը իսրայէլեան կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ «այս յարձակումին շուրջ հետաքննութիւն կատարելու եւ պատասխանատուները արդարադատութեան յանձնելու», ինչպէս նաեւ բոլոր կողմերուն «հանդարտութեան» կոչ կ՛ուղղէ:

 

Share this Article
CATEGORIES