«ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԺԻ ՎԵՐԱԾԵԼՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «բոլորը կ՛ընդունին, որ Թուրքիա ազդեցիկ շրջանային պետութիւն մըն է»: Թրքական կառավարութեան նպատակը Թուրքիան միջազգային ուժի վերածելն է, նշեց ան` աւելցնելով, որ «Թուրքիան իբրեւ միջազգային ուժ փայլուն ապագայ ունի»:
Տաւութօղլու ըսաւ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կազմած կառավարութիւնը վճռական կերպով կ՛ուղղուի դէպի 2023` Թուրքիոյ Հանրապետութեան կազմութեան 100-ամեակ:
«Բոլորը կ՛ընդունին, որ Թուրքիա շրջանային ազդեցիկ ուժ մըն է: Մեր նպատակը Թուրքիան միջազգային ուժի վերածելն է: Թուրքիա իբրեւ միջազգային ուժ փայլուն ապագայ ունի», յայտարարեց ան:
Իշխող կուսակցութեան անդամներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա միշտ լքեալ ժողովուրդներուն կողքին եղած է` աւելցնելով, որ թրքական կառավարութիւնը Կազայի շրջափակումը վերացնելու համար ջանքեր պիտի գործադրէ: