ՕՊԱՄԱ ՊԱՀՐԷՅՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ԲՌՆԱԲԱՐԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐԸ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Պահրէյնի կառավարութեան կոչ ուղղեց «յարգելու ընդդիմութեան բողոքի վերջին  ցոյցերուն ընթացքին երկրին մէջ մարդկային իրաւունքները բռնաբարած պաշտօնատարները հաշուետուութեան կանչելու իր խոստումը»` շեշտելով, որ «Պահրէյնի կայունութիւնը հիմնականին մէջ կախեալ է ժողովուրդին իրաւունքներէն»:

Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «Օպամա Պահրէյնի գահաժառանգ շէյխ Սալման պըն Համատ Ալ Խալիֆայի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին դարձեալ վերահաստատեց Պահրէյնի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը եւ ողջունեց երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը ջնջելու եւ յուլիսին բարեփոխումի շուրջ ազգային երկխօսութեան նախաձեռնելու Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա թագաւորին որոշումը»:

Օպամա բուռն զօրակցութիւն յայտնեց Պահրէյնի թագաւորին եւ ազգային երկխօսութեան ձեռնարկելու անոր ջանքերուն: «Ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը բոլոր պահրէյնցիներուն արդար ապագայ մը ուրուագծելու համար պէտք է փոխզիջումային լուծումի մը յանգին», ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշեց, որ երկխօսութեան յաջող մթնոլորտ ստեղծելու համար անհրաժեշտ է, որ կառավարութիւնը գործադրէ մարդկային իրաւունքները բռնաբարած պաշտօնատարները հաշուետուութեան կանչելու իր խոստումը: Ան նաեւ շեշտեց, որ «Միացեալ Նահանգները` իբրեւ Պահրէյնի երկարատեւ գործընկեր, կը կարծեն, որ Պահրէյնի կայունութիւնը կախեալ է յարգումէն Պահրէյնի ժողովուրդի իրաւունքներուն, որոնց շարքին` խօսքի, խաղաղ հաւաք կատարելու իրաւունքը: Անիկա կախեալ է նաեւ ժողովուրդին ձգտումներուն համապատասխանող բարեփոխութեանց իսկական գործադրութենէն»:

 

Share this Article
CATEGORIES