«ԿԸ ՅՈՒՍԱՆՔ, ՈՐ ՍՈՒՐԻԱ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՒԵԼԻ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՈՐԴԵԳՐԷ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ 122 սուրիացիներ Թուրքիա մուտք գործած են: «Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն թիւը բարձրացած է 450-ի:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով վերոնշեալ տեղեկութեանց մասին հարցումի մը յայտնեց, որ Թուրքիա Սուրիայէն փախուստ տուողներուն դիմաց «իր դռները պիտի չփակէ»:
Թուրքիոյ վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն եւ աւելցուց. «Կը յուսանք, որ Սուրիա քաղաքայիններուն նկատմամբ աւելի հանդուրժողական կեցուածք որդեգրէ»:
CATEGORIES Միջազգային