Ս. Էջմիածինի Մէջ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց Լիբանանի Դեսպանը
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան Մաքարոնը: Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց դեսպանին` վստահութիւն յայտնելով, որ վերջինս իր առաքելութեան ընթացքին պիտի նպաստէ երկու բարեկամ երկիրներու յարաբերութիւններուն յաւելեալ ամրապնդման: Ապա անդրադառնալով երկու երկիրներու գործակցութեան` վեհափառ հայրապետը յոյս յայտնեց, որ ջերմ եւ սերտ փոխյարաբերութիւնները շարունակեն բարի արդիւնքներ բերել երկու ժողովուրդներուն:
Լիբանանի դեսպանը իր կարգին մեծապէս կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ամրապնդումը եւ բարձր գնահատեց այդ գործին մէջ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը եւ դեսպան Մաքարոն խօսեցան նաեւ Լիբանանի հայ համայնքին մասին: Այս առիթով Ամենայն հայոց կաթողիկոսը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ենք Լիբանանի ժողովուրդի բարեացակամ վերաբերմունքին շնորհիւ հայ ժողովուրդի զաւակները կրցան կարճ ժամանակի ընթացքին Լիբանանի մէջ վերակազմակերպել իրենց ազգային, հոգեւոր-մշակութային կեանքը եւ մեծ ներդրում ունենալ երկրի կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ:

